Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Վանաձորին Շունչ Պէտք Է Տալ

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Վանաձորի մասին համառօտ կարելի է ըսել, որ անիկա Հայաստանի երրորդ քաղաքն է իր մեծութեամբ, եւ հիւսիսէն ու հարաւէն շրջապատուած է Բազումի ու Փամբակի անտառածածկ լեռնաշղթաներով: Լոռուայ Մարզի կեդրոնն է: Պատմական անունը յայտնի չէ: Թուրքերը Ղարաքիլիսա անունն էին տուած: 1934ին սովետական ղեկավար Կիրովի սպանութենէն ետք քաղաքը կոչուեցաւ Կիրովական. Այդ տարիներուն Վանաձոր անունով կը կոչէին դէպի Փամբակի ստորոտը տանող հարաւային թաղամասը եւ յարակից անտառը:  Անկախութեան հռչակումէն ետք թաղամասի անունով կոչուեցաւ ամբողջ քաղաքը:

1890ին հինգ հազար բնակչութիւն ունեցած գիւղաքաղաքը 1990ին ունէր մօտ 180000 բնակիչ: Բնակչութեան արագ աճի պատճառը երկրորդ հանրապետութեան շրջանին տնտեսութեան խիստ արագ զարգացումն էր ճարտարարուեստի մէջ. Տարիներու ընթացքին հիմնուեցան բազմաթիւ գործարաններ: Առաջինը կառուցուեցաւ քիմիական գործարանը, որ 1933ին տուաւ իր առաջին արտադրանքը` քալսիումի քարպիտ: Այնուհետև նոր բաժանմունքներ հիմնելով բազմացուց քիմիական ապրանքներու տեսականին, իսկ աշխատողներու թիւը գերազանցեց 3000ը: Խորհրդային միութեան տարբեր քաղաքներէն բազմաթիւ հայ եւ օտար մասնագէտներ ընդգրկուեցան քիմիական արտադրութեան մէջ: Գործարանը իր վաստկած եկամուտով իր աշխատաւորներու համար կառուցեց բնակելի շէնքեր, հիւանդանոց, դարմանատուն, մանկապարտէզ, պատանեկան ճամբար, մշակոյթի պալատ, որ ներկայիս քաղաքապետարանի տնօրիրութեան տակ է եւ կը կոչուի Շառլ Ազնաւուրի անունով:

Քիմիական գործարանի զարգացումին զուգընթաց կառուցուեցան հաստոցներու գործարանը, քիմիական մանրաթելերու գործարանը, ելեկտրական չափող գործիքներու «Աւտոմատիկա» գործարանը, Բարձր ջերմաստիճանային վառարաններու գործարանը , «Աւտոգենմաշ» գործարանը,«Էլեկտրոն» եւ Ռոպոթներու գործարանները, մանուածքային, տրիքոթաժի, գեղարուեստական իրերու, եւ կօշիկի ֆապրիքաները, երկու գիտահետազօտական հիմնարկներ եւն.:

1991ին հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը. երկրի զարգացումը այլեւս Մոսկուայի հրահանգներով չէր ընթանալու եւ հնարաւորութիւն էր ստեղծուած աւելի արագ զարգանալու: Բայց դժբախտաբար, ժողովուրդի յոյսերը չիրականացան եւ տեղի ունեցաւ հակառակը: Գործարաններու աշխատանքը կանգ առաւ, սեփականաշնորհումի պատրուակով ամէն ինչ քանդուեցաւ, թալանուեցաւ եւ հազարաւոր մարդիկ մնացին անգործ:. Ներկայիս կ’աշխատին միայն երկու կարի ֆապրիքա, ուր մեծաւ մասամբ կանայք են:

Զարմանալին այն է, որ երեք նախագահներէն ոչ մէկը անհանգստացաւ ստեղծուած իրավիճակին համար, չհետաքրքրուեցաւ գործազուրկ դարձած աշխատաւորի վիճակով: Կեանքը կանգ առաւ այն աստիճան, որ Վանաձորի մէջ քաղաքային օթոպիւսներ չկան այլեւս, աշխատանքի գացող-եկող չկայ, հետեւաբար պարապ երթեւեկելը անիմաստ կը դառնայ:

Ժողովուրդը յոյսով կը սպասէ, որ նոր վարչապետը նոր շունչ տայ Վանաձորին, որ գոնէ վերադառնայ երկրորդ հանրապետութեան մակարդակին, մարդիկ աշխատանք ունենան եւ կարողանան ընտանիք պահել, չարտագաղթել եւ դատարկ բնակարաններու չբազմապատկել:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին