«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ UNHCRի ղեկավարը, ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու 88 տոկոսը, որ բնակութիւն հաստատած է Լիբանանի մէջ, կը ցանկայ վերադառնալ Սուրիա:
UNHCRի ղեկավար Միրէյլ Ժիրարտ դիտել տուաւ, որ սուրիացի գաղթականներու տունդարձը խափանող հիմնական գործօններէն մէկը անվտանգութեան մտահոգութիւններն են: