Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Մահագրական. Հաւատարիմ Միութենական Մայք Մարտիրեան Հեռացաւ Անխօս

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հեռախօսիս կանչը անախորժ էր այդ առաւօտ: Կեանքի նաւակը դանդաղ-դանդաղ կը հեռանար հակառակ մեր կամքին, իրեն հետ տանելով յարգելի ու սիրելի անձնաւորութիւն մը, իր ընտանիքին, զաւակներուն ու շրջապատին նուիրուած բարի հայր մը,  հաւատարիմ միութենական, զուարթ բնաւորութեամբ ղեկավար մը, որուն ճանչցած ու ծանօթացած էի գրեթէ երկու տասնամեակ առաջ:

Մայք Մարտիրեան Հայ մարդու հետ իմ առաջին հանդիպումէն արդէն անցած է գրեթէ երկու տասնամեակ, երբ գարնանային արեւոտ օր մը զինք տեսայ իր գրասենեակին մէջ, ձեռքին հայկական թերթեր: Առաջին տպաւորութեամբ իսկ ուրախացայ, որովհետեւ զգացի որ գործ ունիմ ընթերցասէր մարդու մը հետ: Իրար կը ճանչնայինք անունով միայն, իսկ ահա, կը ծանօթանայինք եւ մեր միջեւ կը հաստատուէր բարեկամութեան կամուրջ մը, որ մնաց յաղթ ու կանգուն: Մեր հանդիպումը ջերմ էր, մտերմիկ եւ նիւթը՝ հայրենիք, հայութիւն, սփիւռքահայ կեանք եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն:

Ոչ ինք եւ ոչ ալ ես գիտէինք կամ կռահած էինք մեր հանդիպման յաջորդական քայլերուն  մասին, երբ օր մըն ալ դարձանք ժողովական, նոյն սեղանի շուրջ, երբ հրաւիրուեցայ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի դիւանապետութեան,  ուր շատ յաճախ հնարաւորութիւն կ’ունենայինք զրուցելու կեանքի տաք ու պաղ երեւոյթներուն մասին: Ժողովական կեանքը եւ հանդիպումնեերը առիթ հանդիսացան, որ աւելի շատ ու մօտէն ճանչնայի Մայք Մարտիրեան անմիջական ու անկեղծ ընկերային մարդը:

Ճէպէլ Մուսայի համբաւաւոր Մարտիրեան գերդաստանի հպարտ հայը՝ Մայքը, շնորհիւ իր բարի, ազնիւ ու անկեղծ բնաւորութեան՝ սիրուած էր բոլորէն եւ կը վայելէր բոլորին յարգանքը: Իրեն համար ազգը, հայրենիքը, Հայաստանեայց եկեղեցին ու Հայ դպրոցը ազգային եզակի ու յարգելի կառոյցներ էին, որոնց հանդէպ կը տածէր խորունկ ու անսահման սէր, յաճախ քննադատելով հայ դպրոց քարկոծողները, միշտ հաւատալով, թէ «Հայ դպրոցն է հայը հայ պահողը»:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու Հայ Երիտասարդաց  Ընկերակցութիւնը  իրեն հետ միասին քալող անմիջական զուգահեռներ էին, կարծես մարմին ու շուք… որոնց մէջէն ու անոնց հետ քալած էր տասնամեակներ, շնչելով ու ապրելով զոյգ միութիւններու առօրեան, որոնց առաջին աստիճաններէն քալած էր քայլ առ քայլ եւ բարձրացած մինչեւ ղեկավարի դիրքին՝ արժան եւ իրաւ… գնահատուած ըլլալով բոլորէն:

Ճաշակելով Միութեան գրեթէ բոլոր հանգրուանները, երբ հասած էր նախանձելի դիրքի, բան չէր փոխուած իր մէջ… նոյն համեստ ու պարկեշտ մարդն էիր, նոյն ընկերային զուարթ անձնաւորութիւնը, նոյն կատակասէր ու ժպտերես անդամը, միշտ պատրաստ՝ ծառայելու շրջապատին, զինուած ՀԲԸՄ-ի մաքուր ու հայրենասէր գաղափարախօսութեամբ, ջանալով շուրջիններն ալ խրատել ու դաստիարակել նոյն ջերմութեամբ:  

Կը ցաւիմ աւելցնել, որ շատ յաճախ, կեանքի մէջ ապրուած երջանկութիւնը երբեմն կը մտրակուի եւ մարդ արարածը կը կորսնցնէ ժպիտ, ուրախութիւն, երջանկութիւն  ու զուարթ առօրեայ, երբ ան ստանայ  կեանքի անակնկալ ու անսպասուած հարուած: Այո՛, կը հաւատամ, կեանքի մէջ մնայուն երջանկութիւն չկայ..: Բայց ինչո՞ւ  ամենաբարին Աստուած երբեմն կը դառնայ անողոք կամ անարդար, եւ կը հարուածէ մարդը, քանդելով  ամէն երջանիկ երազ ու ծրագիր… զոր կը վերագրենք ճակատագրին, անիծելով կեանք, ապրում եւ աշխարհ..:

Այս տեսակէտով, Մայք Մարտիրեանն եւ իր ամբողջ ընտանիքը երջանկութեան գագաթնակէտին էին, երբ ստացան անակնկալ մեծ հարուած ու կորսնցուցին  իրենց սիրելի ուստրը՝  Հայկը, որուն կորուստով շրջուեցաւ  անոնց կողմնացոյցին սլաքը: Որդեկորոյս Մարտիրեաններուն համար կեանքի նաւակը խամրեցուց ընտանեկան երջանկութիւնը, շրջուեցաւ շատ բան:  

Բայց ցրտահար հոգիներ՝ վշտահար հայրը, ցաւահար մայրը, տանջահար քոյրը ու բոլոր մտատանջ հարազատները, հակառակ ստացուած ցուրտ ապտակին պիտի շարունակէին քալել կեանքի արահետէն, կուրծք տուած ցաւի ու տառապանքի անսպասուած հարուածին: Անոնք պէտք էր մնային ոտքի, պէտք էր պայքարէին, դիմադրէին, տոկային եւ խեղդէին մեծ ցաւի կոտտանքը իրենց ներսիդիին մէջ: Ու դիմադրեցին: Ու յաղթահարեցին ցաւին ու արհաւիրքին: Ջանացին զսպել կոտտանքին ահագնութիւնը, անմահացնելով Հայկին բարի յիշատակը՝ «Հայկ Մարտիրեան հիմնադրամ»-ով, որպէսզի սատար հանդիսանային կարօտեալ տասնեակ հայ սաներուն, գէթ մխիթարական էջ մը բանալու կսկծոտ հոգիներու մէջ:

Այնուհետեւ Մարտիրեան ընտանիքի համար կեանքը ժամանակի թաւալքին հետ դարձաւ կիսով մը բնական ու Մայք Մարտիրեան աւելի ու աւելի նուիրուեցաւ իր կողակիցին, դստեր, եղբօր, քոյրերուն, բոլոր հարազատներուն եւ իր անմիջական շրջապատին, նաեւ Միութեան, ու անոր բարի ժպիտը կիսով մը վերականգնեցաւ: Երկար շունչ առաւ, ձեւով մը վերագտած էր ինքզինք..:

Բայց, օ՜, այդ բայցը: Ինչպէ՞ս բացատրել այդ բայցը, ինչպէ՞ս ընդունիլ, ինչպէ՞ս չանիծել ճակատագիրը, երբ յանկարծ բոլորովին անակնկալօրէն օր մըն ալ լռեց Մայքը, քէն ըրաւ աշխարհին, ամփոփուեցաւ ինքն իր մէջ, անշարժացաւ ու գամուեցաւ անկողին, միշտ հանդիսանալով, թէեւ ներկայ, բայց արձանագրուելով՝ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՅ, կամքէ անկախ, նոր ու անհասկնալի տառապանք պատճառելով իր համբերատար կնոջ՝ Տիկին Վարդուհիին եւ հարազատներուն: Նուիրեալ կողակից եւ նուիրեալ մայր Տիկին Վարդուհին այս ամբողջ տառապանքի ու ցաւի մէջ մնաց եզակի ու բառին բովանդակ թարգմանութեամբ համբերատար ու գուրգուրաց իր կողակիցը, միշտ յուսալով վերստին տեսնել  անոր աղուոր ժպիտը եւ խնդումերես նախկին վիճակը: Նոյն կարեկցութիւնը ցուցաբերեցին նաեւ հարազատները… բայց… անօգուտ էր ամէն ճիգ ու ջանք: Ճակատագրի երկրորդ անողոք խաղ..: 

Այսօր, իր լուռ մեկնումով կը փակուի կեանքի էջը Մարտիրեան Մայքին, բայց, հաւատացած եմ, լոկ մարմնապէս միայն: Զինք ճանչցող իւրաքանչիւր էակ կը յիշէ անոր զուարթախօսութիւնը, կատակը, մարդասիրութիւնը, օգտակար հանդիսանալու մարմաջը եւ՝ Հայ դպրոցի հանդէպ նախանձախնդրութիւնը:

Այսօր, Լիբանանահայ իրականութեան մէջ, կորսնցուցինք նուիրեալ ազգային մը եւս: Իսկ Մարտիրեան ընտանիքը՝ ամուսին, հայր, եղբայր, քեռի եւ հարազատ:  Գալով ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ին,  ժրաջան անդամ մը, խստապահանջ վարչական մը,  նուիրեալ  պատասխանատու մը, եւ Միութիւնը միշտ բարձր տեսնել փափաքող անշահախնդիր ղեկավար մը:

Երկնային մխիթարութիւն իր հարազատներուն:

Հողդ թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Պարոն Մայք…: Հաւատա՛… շատ պիտի կարօտնանք քեզ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին