Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

ՀՀ Վարչապետի Պաշտօնակատարը Եւ Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահը Բարձր Գնահատած Են Քաղաքական Երկկողմ Երկխօսութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանան աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի հետ:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատած է Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի ներդրումը հայ-լիբանանեան բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին մէջ:

Նապիհ Պըրրին ողջունած է Նիկոլ Փաշինեանի այցը Լիբանան՝ նշելով, որ այդ մէկը հնարաւորութիւն կու տայ նոր թափ հաղորդելու երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն:

Զրուցակիցները կարեւորած են լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը՝ որպէս երկու երկիրները կապող եւ յարաբերութիւնները ամրապնդող օղակի: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ բարեկամ Լիբանանը, ինչպէս պատմութեան ողբերգական պահերուն, այնպէս ալ այսօր Հայաստանի կողքին է՝ իր նպաստը բերելով ցեղասպանութեան յանցագործութեան դատապարտման: Նապիհ Պըրրին իր հերթին բարձր գնահատած է Լիբանանի հայերու դերակատարութիւնը եւ ներդրումը երկրի զարգացման մէջ: «Մեր եղբայր հայերը ներկայացուած են Լիբանանի խորհրդարանի ու կառավարութեան մէջ, եւ իրենց կարեւոր նպաստը կը բերեն Լիբանանի յառաջընթացին»,– ըսած է ան:

Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման լոյսին ներքոյ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը կարեւորած են միջխորհրդարանական կապերու ընդլայնումը եւ բարեկամութեան խումբերու աշխոյժ աշխատանքը: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ Հայաստանը կրնայ Լիբանանի համար դառնալ պատուհան դէպի Եւրոպա, իսկ Լիբանանը Հայաստանի համար` պատուհան դէպի Մերձաւոր Արեւելք, եւ պէտք է աշխոյժ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ լաւ արդիւնքներ արձանագրելու համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ երկու երկիրներուն մէջ քաղաքական ընթացիկ իրավիճակին եւ զարգացումներուն շուրջ: 

Տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու լոյսին ներքոյ Նիկոլ Փաշինեան եւ Նապիհ Պըրրի կարեւորած են Հայաստանի մասնակցութիւնը Լիբանանի մօտ ՄԱԿի ԵՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին