«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա հանդիպում ունեցան Շաբաթ երեկոյեան, ուր քննարկեցին նոր կառավարութեան կազմաւորման հեզասահ ընթացքը խափանող վերջին ազդակը, որ է՝ արդարադատութեան նախարարութեան շուրջ մղուող պայքարը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը պահանջէ ձեռք ձգել նախարարութեան մէջ առաջատար պաշտօն՝ յայտնելով, որ իրաւունք ունի առաջնային ծառայութիւն մատուցող վեց նախարարութիւններէն մէկը ունենալու, ինչու որ ԼՈն խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ երկրորդ մեծագոյն պլոքը կը համարուի: