Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Լիբանանի ՄԱրմիններու Ներկայացուցիչները Կարեւորած Են Նիկոլ Փաշինեանի Այցը Լիբանան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ հանդիպած է այդ երկրին մէջ գործող հայ աւանդական կուսակցութիւններու՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Յակոբ Բագրատունիի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան կուսակցապետ Սեպուհ Գալփաքեանի եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան կուսակցապետ Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Լիբանանի աւանդական հայ կուսակցութիւններուն հետ հանդիպումը` Հայաստանի զարգացման, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու սերտացման եւ համահայկական օրակարգի հարցերը քննարկելու առումով: Ան ընդգծած է իր առանձնայատուկ վերաբերմունքը Լիբանանի հայութեան եւ երիտասարդութեան նկատմամբ` շնորհակալութիւն յայտնելով թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ անոնց աջակցութեան եւ աշխոյժ դիրքորոշումին համար:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է ներհայաստանեան քաղաքական գործընթացներուն, ընթացիկ իրավիճակին եւ յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ անհրաժեշտ է պահպանել ժողովրդական միասնութեան, համախմբուածութեան ոգին` կարեւորելով ՀՀ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակականութիւնը` ի շահ Հայաստանի յառաջընթացի: Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Նիկոլ Փաշինեանին ու ՀՀ կառավարութեան՝ նոր Հայաստանի զարգացման տեսլականը կեանքի կոչելու գործին մէջ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին