«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Էրեբունի-Երեւան 2800» միջոցառումի մասնակից օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, պատուիրակութեան անդամները պիտի մասնակցին Երեւանի 2800ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն: Նշենք, որ Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած է կալա-համերգ:
«Երեւան ժամանած են 10 երկիրներէ 15 պատուիրակութիւն: Հիմնականօրէն անոնք մեր գործընկեր, քոյր քաղաքներէն են: Կան քաղաքապետներ, քաղաքային իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք արդէն երէկուընէ կը մասնակցին մայրաքաղաքի տօնին նուիրուած միջոցառումներուն: Աւանդապէս մենք կը մեկնարկենք առաւօտեան մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին: Կը կարծեմ, որ սա նաեւ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի»,- «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց Երեւանի քաղաքապետարանի արտաքին կապերու վարչութեան պետ Դաւիթ Գէորգեանը:
Դաւիթ Գէորգեանը կարեւորեց, որ պատուիրակութիւններու՝ Երեւան գտնուիլը լաւ է առիթ է նաեւ երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու, պաշտօնական հանդիպումներ վարելու համար:
Պատուիրակութիւնները ժամանած են Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Յորդանանէն, Լիթվիայէն, Լաթվիայէն, Էսթոնիայէն, Գերմանիայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ:
Կը նախատեսուի անոնց այցը, մասնաւորապէս, «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան, Երեւանի քոնեակի գործարան: