«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 21ին Մարտունի քաղաքին մէջ ներկայ գտնուած է նռան փառատօնին:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ փառատօնը կը դառնայ աւանդական, շրջած է տաղաւարները, ծանօթացած ներկայացուած ապրանքներուն, մասնակիցներուն հետ զրուցած է տարբեր հարցերու շուրջ: