«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի վերջին ուղղումները կը կատարեն նոր նախարարաց խորհուրդի պաշտօնէութեան նշանակման կապակցութեամբ՝ յոյս յայտնելով, որ շաբաթավերջին կը յայտարարուի նոր կառավարութիւնը որոշ խոչընդոտներ հանգուցալուծելէ ետք: Այս մասին լրագրողներու հետ մտերմիկ զրոյցի մը պահուն Հարիրի լաւատեսութիւն յայտնած է: