«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 20ին աշխատանքային երկօրեայ այցով կը ժամանէ Լիբանան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այցի ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ կ’ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ նախագահ Միշէլ Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըըրիի հետ։
Նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Պէյրութի հայկական հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ: