«Արամ Խաչատրեան» համերգասրաին մէջ, Հոկտեմբեր 18ին տեղի ունեցած է, Արամ Խաչատրեանի անուան 6րդ միջազգային փառատօնի բացման համերգը:
Ըստ Yerkirmedia.amի՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբերը, խմբավարներ Սերգէյ Սմբատեանի եւ Արմէն Հիւսնունցի ղեկավարութեամբ, «Խաչատրեանը եւ ճազը» համերգին հնչեցուցած են Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւններու ճազային մշակումները։
Իբրեւ մենակատարներ հանդէս եկած են Վահագն Հայրապետեան եւ Արմէն Հիւսնունց: