«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ղրիմի բնակիչները Հոկտեմբեր 19ին հրաժեշտ տուած են Քերչի բոլիտեխնիկական գոլէճին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան 17 զոհերուն: Մի քանիները հողին կը յանձնուին հայրենիքի մէջ՝ Ղրիմի թերակղզիի սահմաններէն դուրս: Առանձին տեղի կ’ունենայ Վլատիսլաւ Ռոսլիաքովի յուղարկաւորութիւնը, որ պայթում եւ հրաձգութիւն իրականացուցած էր ուսումնական հաստատութեան մէջ:
«Հրաձիգի ազգականները դեռ չեն դիմած (մարմինը ստանալու համար)»,- «Ինթերֆաքս»ին ըսած է Քերչի վարչակազմի ներկայացուցիչը: Զոհուածներուն հետ հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Քերչի գլխաւոր հրապարակին մէջ: Անոնց հրաժեշտ տալու եկած էին քաղաքի հազարաւոր բնակիչներ եւ Ղրիմի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ՝ հանրապետութեան ղեկավար Սերկէյ Աքսիոնովը եւ խորհրդարանի խօսնակ Վլատիմիր Կոնստանթինովը:
«Այս ողբերգութիւնը մեր կեանքը, մեր քաղաքի կեանքը բաժնեց «մինչեւ»ի եւ «յետոյ»ի: Այն ինչ պիտի ըլլայ «յետոյ», կախուած է մեզմէ: Մենք պէտք է միաւորուինք, օգնենք հարազատներուն՝ վերապրելու այս ահաւոր ողբերգութիւնը: Ղրիմցինե՛ր, մենք պէտք է միասին ըլլանք»,- ըսած է քաղաքի վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Պորոզտինը: Ինչպէս արդէն հաղորդուած է, Հոկտեմբեր 17ին 18ամեայ Ռոսլիաքովը պայթում իրականացուցած է եւ հրացանէն կրակ բացած բոլիտեխնիկական գոլէճին մէջ, որմէ ետք վերջ տուած է իր կեանքին: Զոհուած է 21 մարդ, ներառեալ հրաձիգը: Ղրիմի, Քրասնոտարի երկրամասի եւ Մոսկուայի հիւանդանոցներուն մէջ կը գտնուին 43 տուժածներ: Սկզբնապէս քրէական գործ յարուցուած էր «ահաբեկչութիւն» յօդուածով, բայց աւելի ուշ անիկա վերաորակաւորած են «սպանութիւն» յօդուածի: