«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական ոստիկանութիւնը Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն մուտք գործելէ ետք անհետացած սէուտացի լրագրող Ժամալ Խաշոքժիի մարմնի բեկորները կը փնտռէ Իսթամպուլի յարակից անտառին մէջ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Թուրք քննիչները Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան մէջ իրականացուցած խուզարկութեան ժամանակ ձեռք բերած են տարբեր նմոյշներ, որոնցմով կը ստուգեն Հաշքաճիի ԴՆԹ հետքերու առկայութիւնը:
Ոստիկանութեան վարկածի համաձայն՝ հաւանական է, որ լրագրողի մարմնի մասունքները թաքցուած ըլլան Իսթամպուլի յարակից անտառին մէջ:
Մէկ այլ վարկածի համաձայն ալ հաւանական է, որ լրագրողի մարմնի մասունքները թաքցուած են Եալովա քաղաքի մօտակայքը: