«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ելեկտրականութեան մատակարարումը Քեսրուան, Մեթն եւ Ժպէյլ շրջաններուն պիտի յետադիմէ, ինչու որ «Քարատենիզ» թրքական ընկերութեան կողմէ գործող ելեկտրատար նաւը Ուրբաթ երեկոյեան պիտի դադրեցնէ իր աշխատանքները: Այս մասին յայտարարութեամբ հաղորդեց Electricity Du Libanը:
Ինչպէս կը հաղորդուի, ելեկտրատար նաւը զգալիօրէն յաւելեալ ելեկտրականութիւն մատակարարած է վերոյիշեալ երեք շրջաններուն: