«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Չորեքշաբթի Իրաքի իր գործընկերոջ՝ Իպրահիմ Ալ Ժաաֆարի հետ հանդիպումէ ետք ըսաւ, որ ինք կը մերժէ կապել լիբանանեան նոր կառավարութեան ձեւաւորումը իրաքեանի հետ:
«Խնդիրը այն է միայն, որ երկու երկիրներու պարագային քաղաքական միանման զարգացումներ կը գրանցուին»,- ըսաւ Պասիլ Իրաքի իր գործընկերոջ՝ Իպրահիմ Ալ Ժաաֆարի հետ մամլոյ համատեղ ասուլիսի ժամանակ: