Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Հոկտեմբեր 22ին Կը Գումարուի Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի որոշումով՝ ՀՀ Սահմանադրութեան 100րդ եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքի 41րդ յօդուածներու համաձայն` ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 22ին` ժամը 11:00ին, կը գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: «Արմէնփրես»ին այս մասին յայտնեցին ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Արտահերթ նիստի օրակարգին մէջ կ’ըլլան հետեւեալ հարցերը. 

ա) «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին 

«Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին 

Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին 

«Պաշտպանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին