Տեղի ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» վերանորոգուած ուսանողական կեդրոնի պաշտօնական բացումը
Հայկազեան համալսարանը Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2018ին պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադիրներու 63րդ տօնը` յայտարարելով ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական սկիզբը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կանանց հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, «Եու.Էս.Էյտ» կրթական գրասենեակի տնօրէն Պրուս ՄքՖարլընտ, համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, քաղաքական, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, համալսարանի դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը, ուսանողներու եւ հիւրերու հոծ բազմութիւն մը: Օրուան հիւր բանախօսն էր Լիբանանի Կարմիր խաչի նախագահ տոքթ. Անթուան Զողպի:
Ձեռնարկին կատարուեցաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» վերանորոգուած ուսանողական կեդրոնի պաշտօնական բացումը:
Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ. «Ուսանեցէ՛ք եւ սորվեցէ՛ք ծառայել», խօսքը ուղղելով ներկաներուն շարունակեց, կեդրոնանալով Հայկազեան համալսարանի նշանաբանին մէջ տեղ գտած ծառայութեան իմաստին վրայ ըսաւ. «Յաղթելու հիմնական պատճառը ծառայութեան խորքային իմաստի ամբողջական ընկալումն է, որովհետեւ ծառայութեամբ մենք կ’ընկալենք, ուշադրութեան կեդրոն կը դարձնենք այլոց»:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան մէկերրորդը ծառայութեան զանազան մարզերու մէջ է: Ան յատկապէս վկայակոչեց «Desert Streams Students’ Club» ուսանողական ակումբի մարդասիրական, ծառայողական աշխատանքները ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօս, Լիբանանի Կարմիր խաչի նախագահ տոքթ. Անթուան Զողպի, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայկազեան համալսարանի արժէքներուն, որոնք տարիներու ընթացքին փոխանցուած են ուսանողութեան եւ ծառայած են միասնականութեան, փոխյարգանքի, քաղաքացիական գիտակցութեան ամրապնդման, ծառայասիրութեան եւ այլ մարդկային արժէքներու մշակոյթի տարածման:
Տոքթ. Անթուան Զողպի անդրադարձաւ Կարմիր խաչի մարդասիրական արժէքներուն՝ ներկայացնելով այն արժէքներու մշակոյթը, որ կը նոյնանայ նաեւ Հայկազեան համալսարանի ջամբած դաստիարակութեան հետ՝ ըսելով. «Մեր տարածած գործը, առանց խտրականութեան ծառայութիւնները, մեր երկրի ժողովուրդի բոլոր շերտերուն օգնութեամբ հասնիլը, առանց քաղաքական բաժանումներու եւ ենթակայութիւններու աշխատելու սկզբունքը օգնած է բոլորին վստահութիւնը ունենալու մեր կազմակերպութեան նկատմամբ»:
Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ համալսարանի հոգեւոր սեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանէի աղօթքով: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի ուսանողներ Նարէ Աշքարեան եւ Վահան Սաղճեան:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» վերանորոգուած ուսանողական կեդրոնի բացումով:
Նշենք, որ կեդրոնը 1930-40ականներու կը կոչուէր «Webb House» եւ առաջին կառոյցը եղած է Հայկազեան համալսարանի ուսումնական առաքելութեան սկզբնաւորութեան: Անիկա գործածաուած է միսիոնար Էլիզապեթ Ուէպի կողմէ հայ աղջիկներու ուսումնականն նպատակներու համար: Վերանորոգումը կատարուած է «Թուրփանճեան ընտանիքի կրթական ֆոնտ»ի, «Սրբուհի եւ Ճոն Քոնթէ ֆոնտ»ի, Տաւիտ եւ Քրիսթինա Սիկելի եւ Օպեժի-Կիւրենլի ընտանիքներու նուիրատութիւններով:
Ջերմ մթնոլորտի եւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն կողմէ համաշխարհային երգիչ Շառլ Ազնաւուրի երգերու նուագով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ շնորհաւորանքներու փոխանակում: