«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Հոկտեմբեր 17ին Կազայի հատուածին մէջ 20 թիրախ խոցած է ի պատասխան հրէական պետութեան տարածքի հրթիռակոծումին: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, օտարերկրեայ լրագրողներուն համար կազմակերպուած միջոցառումի ընթացքին յայտնած է իսրայէլացի զինուորականներու պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճոնաթան Քոնրիքուսը:
«Մենք Կազայի հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍի 20 թիրախ խոցած ենք ի պատասխան Իսրայէլի հրթիռակոծումին,- ըսած է ան:- Այդ թիրախներու շարքին էին ՀԱՄԱՍի փապուղին Կազայի հատուածի հարաւային մասին մէջ, հրթիռներու համար նախատեսուած արտադրական հարթակները, ինչպէս նաեւ եւս մէկ փապուղի ափամերձ շրջանի մէջ»:
Քոնրիքուսը նշած է, որ լոյս Հոկտեմբեր 17ի գիշերը Կազայի հատուածէն Իսրայէլի վրայ արձակուած երկու հրթիռները «տեղական արտադրութեան միջին հեռահարութեան հրթիռներ են, որոնք կան միայն ՀԱՄԱՍ եւ «Իսլամական ժիհաթ» շարժումներու տրամադրութեան տակ»: «Մենք ՀԱՄԱՍ շարժումը պատասխանատու կը համարենք հրթիռային գրոհի համար, Իսրայէլի բանակը պատրաստ է իրադարձութիւններու որեւէ զարգացումի»,- աւելցուցած է ան:
Իսրայէլը ի պատասխան իր տարածքի հրթիռակոծումին որոշում ընդունած է փակել բոլոր հսկիչ անցակէտերը Կազայի հետ սահմանին եւ եռակի՝ 9 ծովային մղոնէն (16.5 քմ) մինչեւ 3 մղոն (5.5 քմ), կրճատած ձկնորսութեան գօտին Միջերկրական ծովուն մէջ՝ միջատարածքի մերձակայ ջրատարածքին: Ինչպէս Հոկտեմբեր 17ին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, երկրի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման հրամայած է փակել «Էրեզ» հսկիչ անցակէտը եւ «Քերեմ Շալոմ» հսկիչ անցակէտը, ինչպէս նաեւ Կազայի հատուածին մօտ ձկնորսութեան գօտին կրճատել մինչեւ 3 ծովային մղոն, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը: