«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Երեքշաբթի ուշ երեկոյեան յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին վերացնելու ուղղութեամբ կան զարգացումներ, սակայն այս տեսակէտէն տակաւին կարիքը կայ հետեւողական աշխատանքի: Այս մասին յայտնեց Պըրրի Կենեվայի մէջ տուած ուղերձի ժամանակ:
«Կրնամ ըսել, որ յառաջընթացը ակներեւ է, ուստի կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի շատ շուտով»,- ըսաւ Պըրրի Զուիցերիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին: