«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմաւորումը բաւականին մօտ է:
«Ես գիտեմ, որ կառավարութեան կազմաւորումը, ի հեճուկս ներդրուած բազմապիսի ջանքերուն, երկար տեւեց, սակայն ուրախ եմ յայտնելու, որ ի վերջոյ պիտի յաջողինք զայն վերջնականապէս ի կատար ածել»,- ըսաւ Հարիրի Մեծ Սէրայլի մէջ տուած ուղերձին մէջ:
Ի միջի այլոց, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի նոյնպէս լաւատեսութիւն յայտնած է կառավարութեան կազմաւորման կապակցութեամբ եւ նշած, որ նկատառելի յառաջխաղացք կայ այդ գործընթացին մէջ: