Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Դադիկեան ոսկէ մետալ շահած է 90+ դասակարգին մէջ:
Դադիկեան մրցումը սկսած է 1/16 եզրափակիչէն եւ, յաղթելով 2 ղազախ, 2 ռուս եւ թուրք մրցակիցներուն, դարձած է աշխարհի ախոյեան, կը փոխանցէ news.am-ը:
Դաւիթ Դադիկեան կը ծառայէ Հայոց բանակին մէջ: