Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Խմբագրական Ազդ. Նորութիւն «Զարթօնք»էն

Յետայսու, «Զարթօնք»ի մէջ լոյս տեսնող կարգ մը լուրերու եւ մանաւանդ թերթիս արտադրութիւնը հանդիսացող հարցազրոյցներու կամ հաղորդագրութիւններու առնչուող տեսերիզները մեր տպագիրին ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ կը դնենք գրութեան կողքին տեղ գտած QR ծածկագրին միջոցաւ:

Ծածկագրեն կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք ունին QR code reader կամ scanner բջիջային հեռախօսի յաւելուածը (application):

«Զարթօնք»ի այս նորութիւնը համեստ փորձ մըն է տպագիրը համացանցային աշխարհին հետ կամրջելու ու համարկելու, որուն առաջին անգամ օգտագործումի որպէս թուական խորհրդանշականօրէն ընտրեցինք երէկուայ թուականը՝ 16 Հոկտեմբեր 2018, որ տարեդարձն էր Հայ տպագիր առաջին թերթին՝ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ Յարութիւն Շմաւոնեանի հրատարակած «Ազդարարին»:

Նշենք, որ 16 Հոկտեմբերը Հայրենիքի մէջ կը նշուի, որպէս Հայ Մամուլի օր: Այս առիթով կը շնորհաւորենք հայրենիքի թէ հայկական սփիւռքներու մէջ հրատարակուող մեր պաշտօնակիցները, անոնց մաղթելով յաջողութիւն:

Մինչ նորարարութիւններու մէջ շատ յաճախ առաջին ու ռահվիրայ «Զարթօնք»ի տպագրին, թէ ելեկտրոնայինին կը մաղթենք յարատեւ վերելք եւ զարգացում:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին