«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի քաղաքացի ձերբակալուած է՝ կեղծ թղթադրամներ պահելու եւ իւրացնելու մեղադրանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ըսուած է Վրաստանի ֆինանսներու նախարարութեան քննչական ծառայութեան կայքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Խուզարկութիւններու ընթացքին մեղադրեալի մօտ յայտնաբերած եւ առգրաւած են 617 կեղծ թղթադրամ՝ 100 ամերիկեան տոլար անուանական արժէքով:
Քննչական ծառայութիւնը չի ճշդեր, թէ Ազրպէյճանի քաղաքացին Վրաստանի մէջ ուր կը պահէր եւ ինչպէս կ’իւրացնէր կեղծ փողերը: Մեղադրեալի դէմ յարուցուած է քրէական գործ «խոշոր չափի կեղծ փողերու կամ արժեթուղթերու պատրաստում կամ իւրացում» յօդուածով, ինչը կը պատժուի 7էն մինչեւ 10 տաուան ազատազրկումով, հաղորդած է «Sputnik»ը: