Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանի ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԻՐՔԸ-2017 Հանդիսութիւնը

Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018ի երեկոյեան մշակութասէր ընտրանիի մը հաւաքավայրը դարձեալ Հայկազեան համալսարանն էր: Այս անգամ վերջին տասնամեակին չորրորդ անգամը ըլլալով, Տէրեան Հայագիտական Գրադարանը կազմակերպած էր արդէն աւանդութիւն դարձած Լիբանանահայ գրողը գնահատելու «Լիբանանահայ Գիրքը-2017»ին հանդիսութիւնը:

Հեղինակներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ ընդհանրապէս հայ գիրն ու գիրքը սիրողներու ներկայութեան, ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւՀայաստանի քայլերգերու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

 

Բարի գալուստի եւ բացման խօսքը կատարեց գրադարանապետուհի Օրդ. Սոնիա Սիսլեան: Օրուան բանախօսն էր լիբանանահայ հրապարակագիր Պրն. Ահարոն Շխրտըմեան:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի ուսանողներ՝ Մինաս Ադամեան՝ «Հայոց տառեր» երգով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի:

Օրդ. Սիսլեանի կողմէ հեղինակներու եւ 2017ին հրատարակած իրենց գիրքերու ներկայացումին զուգահեռ, անոնք ստացան գնահատագիրեր՝ ձեռամբ համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի: 21 հեղինակներ եւ 31 աշխատութիւններ պարփակող սոյն ձեռնարկի գնահատագիր ստացողներու անունով սրտի խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրութեան սեղանի մը շուրջ շարունակեցին իրենց մտերմիկ զրոյցները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին