«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութեան մօտ գրանցուած 835 սուրիացի գաղթականներ երէկ վերադարձան Սուրիա: Այս մասին յայտնած է Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութենէն աղբիւր մը:
Մօտաւորապէս առաւօտեան ժամը 6ին Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած 15 հանրակառքեր հասան սահման՝ տեղափոխելու համար գաղթականները Սուրիոյ զանազան շրջաններ: Այս մասին կը յայտնէ աղբիւրը: