«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Զուիցերիոյ մէջ գլխաւորեց հանդիպում մը, նախքան միջխորհրդարանական միութեան ամէնամեայ ժողովը, ուր կոչ ըրաւ արաբական եւ իսլամական երկիրներու խորհրդարանական ներկայացուցիչներու միասնականութեան ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ միտուած պաղեստինը հարուածելուն դիմաց: Այս մասին կը հաղորդեն խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն: