«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարար յայտարարութեան մը մէջ յստակօրէն ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ պէտք է իրաւամբ դադրի նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման հարցին մէջ տեւաբար միջամուխ ըլլալէ:
ԼՈ-ի մամլոյ խօսնակի յայտարարութեան համաձայն՝ ընկերային հարցերու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար եւ երեսփոխան Փիեռ Պու Աասի ըսաւ, որ մինչ Պասիլ իրաւունք ունի յայտնելու իր անձնական կարծիքներն ու համոզումները, սակայն միեւնոյն ատեն չի կրնար գնահատել ուրիշները»: