Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Միացեալ Թագաւորութեան Դեսպանը Յոյս Կը Յայտնէ Լիբանանի Կառավարութեան Շուտափոյթ Կազմաւորման Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Քրիս Ռամբլինկ ըսաւ, թէ Միացեալ Թագաւորութիւնը յոյսով է, որ Լիբանան պիտի յաջողի մօտիկ ապագային ի կատար ածել նախարարաց խորհուրդի կազմաւորումը: Այս մասին Կիրակի հաղորդեցին Փաղագաւոր կուսակցութենէն, դեսպան Ռամբլինկի եւ նախկին նախագահ ու կուսակցութեան փոխղեկավար Ամին Ժմայէլի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:
«Միացեալ Թագաւորութիւնը, ինչպէս այլ երկիրներ, յոյսով է, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի մօտիկ ապագային: Մենք մեր հերթին պատրաստ ենք օգնելու Լիբանանին պահպանելու երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ բարգաւաճումը»,- մէջբերուած է Ռամբլինկի խօսքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին