«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ կատարած գրառումներով անդրադարձած է անցնող շաբաթ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան միջոցառումներուն եւ Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի դրուագներուն։
«Այս շաբաթ Հայաստանում մենք համագործակցում էինք Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գործընկերներուն եւ ընկերներուն հետ՝ ժողովրդավարութեան, բազմազանութեան, սեռերու հաւասարութեան եւ աճի խթանման ուղղութեամբ, ինչը կ’աշխատի բոլորին համար»,- նշած է Ճասթին Թրիւտօն:
Մէկ այլ գրառումով Գանատայի վարչապետը անդրադարձած է Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր այցելութեան՝ շեշտելով. «Այսօր Երեւանի մէջ մենք յիշեցինք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Մենք երբեք չենք մոռնար զանոնք»:
Ան առանձնացուցած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները՝ ընդգծելով, որ Գանատայի եւ Հայաստանի նպատակն է փոխադարձ ճամբորդութիւններու, զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի խթանումը։ «Նիկոլ Փաշինեանի հետ այսօր շատ արդիւնաւէտ հանդիպումներ տեղի կ’ունենան Երեւանի մէջ»,- շեշտած է Ճասթին Թրիւտօն: