Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

Նորայր Յովսէփեան

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ռուսիայէն Արցախ Հասած Են՝ Յանուն Խաղաղութեան

Ամրան կէսերուն ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը յայտարարեց, որ կը սկսի արշաւ՝ յանուն խաղաղութեան, յանուն ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Նախաձեռնութիւնը կոչուեցաւ «Կանայք՝ յանուն խաղաղութեան»: Այդ յայտարարութենէն մօտ երկու ամիս անց՝ Հոկտեմբեր 7-ին, Արցախ էին ռուս հասարակական, քաղաքական, գրական, մշակութային եւ լրատուական ոլորտներու յայտնի կին գործիչները: Ժամանած են ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի հրաւէրով: Արցախի մէջ խումբին միացաւ նաեւ հանրապետութեան առաջին տիկին Անահիտ Սահակեանը: Խումբը մեկնած է առաջնագիծ: Ազրպէյճանը փորձած է խոչընդոտներ ստեղծել այցի ռուս մասնակիցներուն համար: Սակայն սպառնալիքները ոչինչ փոխած են: Անոնք, որոնք միացած էին ՀՀ վարչապետի տիկնոջ կոչին, հասան ոչ թէ պարզապէս Ստեփանակերտ, այլ  առաջնագիծ՝ խրամատներ: Աննա Յակոբեանի շնորհակալութիւնը առաջին հերթին նախաձեռնութեան միացած կանանց ուղղուած էր. «Շնորհակալ եմ, որ արձագանգեցիք: Չնայած, ձեզմէ իւրաքանչիւրը այնպիսի կենսագրութիւն ունի, որ նոյնիսկ կ’ամչնամ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել»: Նախաձեռնութեան նպատակը խաղաղութեան հաստատումն է: Աննա Յակոբեանը խրամատներէն խաղաղութեան արշաւին միանալու կոչը ազրպէյճանցի մայրերուն յղած է: «Մենք կը յորդորենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերուն եւ միջնորդ երկիրներուն խնայել սահմանի այս ու հակառակ կողմերու վրայ կանգնած հայ եւ ազրպէյճանցի 18-20 տարեկան զինուորներու կեանքերը, չդժբախտացնել անոնց ծնողները եւ երեխաները, չխաղալ հարիւրաւոր ընտանիքներու ճակատագիրին հետ, հրաժարիլ հակամարտութեան լուծման ռազմական ճանապարհէն եւ հարցի կարգաւորումը փնտռել բացառապէս բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։ Մենք կոչ կ’ընենք ազրպէյճանցի կանանց եւ մայրերուն միանալու այս արշաւին եւ նոյն ուղերձը յղելու քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն»» մասնաւորապէս ըսուած է ուղերձին մէջ, որ Աննա Յակոբեանը ներկայացուց առաջնագիծ հասած խումբին:

Սահմանի միւս կողմէն Ազրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Լէյլա Ապտուլայեվան  անդրադարձած է ռուս կանանց՝ Արցախ կատարած այցին՝ զուտ մարդասիրական նախաձեռնութեան քաղաքական գնահատականններ տալով: Ռուսիայէն ժամանած հիւրերը զարմացած են: «Եթէ չփորձես օգնել, ապա դուն կը դառնաս ուղղակի դիտորդ, եւ մենք չցանկալով դիտորդի կարգավիճակին մէջ ըլլալ՝ այսօր այստեղ ենք: Մենք կ’ուզենք միւս կողմին հետ ալ խօսիլ, չենք ուզեր, որ խոչընդոտեն միայն անոր համար, որ  խաղաղութեան արշաւի ծիրէն ներս այստեղ ենք»,- կ’ընդգծէ ՌԴ Պետական տումայի պատգամաւոր Սվեթլաննա Ժուրովան:

Ժամանած խումբի անդամներէն ոմանք առաջին անգամ չէ որ Արցախ կը գտնուին: Ոմանք առիթ ունեցած են ժամանակ առ ժամանակ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն մասնակցելու՝ դիտորդական առաքելութեամբ: «Կանանց երկխօսութիւն» ռուսական քաղաքական կուսակցութեան ղեկավար Էլենա Սեմերիքովան 1990-ականներու սկիզբը Արցախ էր: Այնպէս որ, ազրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան մասին լսելով չէ, որ գիտէ: «Շատ յուզոււած եմ: Եւ որքան կը մօտենայինք խրամատներուն, այնքան կ’աւելնար յուզումս: 1990-ականներուն, երբ ես եւ իմ երեխաս փրկուեցանք մահէն, ես խոստացայ, որ ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի այս հողին վրայ երբեք պատերազմ չըլլայ: Անոր համար ալ այստեղ եմ»- յուզումը հազիւ կը զսպէ «Կանանց երկխօսութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Էլենա Սեմերիքովան:

Արշաւին միացողները կը ստանան զարդեր՝ պատրաստուած հալած փամփուշտէ: Այս մասին յայտարարած է Աննա Յակոբեանը, որ առաջնագիծ հասած էր նման զարդերով: Այդ զարդերը կը դառնան «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւի խորհրդանիշը: «Ես կ’ուզէի, որ մենք կարողանայինք նոյնիսկ ինքնաձիգէն ու հրասայլէն զարդեր պատրաստել: Անոնք կ’ըլլային շատ մեծ, հսկայական: Բայց կարեւորը՝ այլեւս չէին կրակեր: Այնպէս որ, ես շատ կ’ուզեմ այդ զարդերը, եւ շնորհակալութիւն՝ հիանալի գաղափարի համար»,- նոր գաղափարէն ոգեւորուած է նաեւ ռուս հասարակական գործիչ Աննա Ֆետերմեյսերը:

Հիւրերը ընդունած է նաեւ Բակօ Սահակեանը: Ան ողջունած է նման նախաձեռնութիւնը՝ որպէս բարեկամական կապերու խորացման ու ընդլայնման համար լաւ հարթակ: Արցախի նախագահը յոյս յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը կը կրէ շարունակական բնոյթ:

Որպէս Յետգրութիւն

Պաքուէն այս նախաձեռնութեան բաւական ուշադիր կը հետեւին եւ ժամանակ առ ժամանակ կ’արձագանգեն: Եթէ այցի նախօրէին աւելի շատ սպառնալիքներ կը հնչէին նախաձեռնութեան մասնակիցներու հասցէին, ապա Արցախ այցելելէ ետք սպառնալիքները աւելի նիւթական տեսք ստացան: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ շարք մը քաղաքացիները Արցախ այցելութեան համար «սեւ ցուցակի» մէջ կ’ընդգրկէ: Ինչպէս կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’ուսումնասիրէ ՌԴ քաղաքացիներու խումբի կողմէ Արցախ այցելելու մասին տեղեկութիւնը: Անհրաժեշտ հաստատումէ ետք, որոշում կ’ընդունուի անոնց անունները «սեւ ցուցակի» մէջ ընդգրկելու մասին: Սա ալ խաղաղութեան արշաւին ազրպէյճանական մասնակցութիւնը:

Պահեստազօրը Մեկնած Է Առաջնագիծ

Հոկտեմբեր 8-ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի եւ բարձրաստիճան սպայակազմի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ մեկնած է առաջնագիծի հիւսիսային հատուածը, իրավիճակին ծանօթացած, հետեւած առաջնագիծի ամրացման ուղղուած աշխատանքներու ընթացքին:

Առաջնագիծ տանող ճանապարհին առաջին կանգառը հրետանաւորներու դիրքերն էր: Բակօ Սահակեան ծանօթացած է անձնակազմին հետ, իսկ մասնագիտութեամբ հրետանաւոր պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը հանդիպումը օգտագործած է երիտասարդ հերթափոխի մասնագիտական գիտելիքները ստուգելու համար: Գոհ է: Երիտասարդ հրետանաւորները աւագներուն չեն զիջիր: Նոյնիսկ աւելին, հիմնաւորապէս կը տիրապետեն նորութիւններուն եւ առանց դժուարութեան, գործնական պայմաններու մէջ կը կիրարկեն իրենց գիտելիքները:

Իրավիճակը շփման գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ այս օրերուն համեմատաբար հանգիստ է: Արդէն առաջնագիծին վրայ նախագահին զեկուցած են պատասխանատուները: «Իրավիճակը իսկապէս հանգիստ է այս օրերուն,- կը մանրամասնէ ՊԲ գնդապետ Կարօ Ճաւալեանը:- Վերջին շաբթուան ընթացքին հրադադարի խախտումներ չեն եղած»:

Ատիկա, սակայն, չի նուազեցներ դիրքապահներու զգօնութիւնը: Դեռ աւելին, ծրագիրներու համաձայն՝ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն առաջնագիծին վրայ մարտական հերթապահութեան կը մասնակցի նաեւ զօրահաւաքային պաշարը: «Ի հարկէ, բոլորս ալ տեղեակ ենք մարտական գործին: Բոլորս ալ ժամկէտային ծառայութիւն անցած ենք, շատերս 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին մասնակցած ենք: Բայց ժամանակ առ ժամանակ վերյիշելը, ինչու ոչ՝ նորութիւններուն ծանօթանալը օգտակար է: Երբ մի քանի օր այստեղ՝ առաջնագիծին վրայ  կ’անցընենք, սա արդէն հարազատ տեղ կը դառնայ, եւ արդէն տեղանքին լաւ ծանօթ կ’ըլլանք եւ արագ կը կողմնորոշուինք»:

Առաջնագիծ այցելել եւ զինուորական հիւրասիրութենէն հրաժարիլ անհնար է: Նախագահը հրաւէրը սիրով կ’ընդունի: Թէյ եւ զրոյց՝ երկրի ղեկավարին հետ: Ծառայութեան պայմաններուն մասին պահեստազօրայինները Բակօ Սահակեանին պատմած են թէյի սեղանին շուրջ: Նախնական պատրաստութենէ ետք անոնք մարտական այս յենակէտին վրայ կը հերթապահեն առանց զինուորականներու: Փորձի շրջան անցընող զինուորականները կը կարեւորեն պահեստազօրայիններու պատրաստուածութիւնը, անոնց ներկայութիւնը եւ համատեղ ծառայութիւնը ժամկէտային ծառայողներու հետ: «Ժամկէտային զինծառայողները, իրենց կողքին տեսնելով զօրահաւաքային պաշարը, աւելի հանգիստ կ’ըլլան, վստահ, որ անհրաժեշտութեան պարագային պահեստազօրը կը կանգնի իրենց կողքին՝ կատարելու մարտական խնդիրը»,- կ’ընդգծէ գնդապետ Կարօ Ճալաւեանը, որուն ղեկավարած միաւորման կազմին մէջ են նաեւ պահեստազօրայինները:

Հանդիպումը առանց նուէրներու չանցաւ: Պահեստազօրայիններու դիրքի աւագը, որ, ի դէպ, դիրքին վրայ ամենափոքրն է տարիքով, բարեխիղճ ծառայութեան համար նախագահէն ժամացոյց ստացած է:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին զօրահաւաքային պաշարի ընդգրկմամբ պարապմունքները տեղի կ’ունենան Արցախի պաշտպանութեան բանակի բոլոր զօրամասերուն մէջ:

Վալանսի Պատուիրակութիւնը Արցախ Է

Արդէն մօտ մէկ տասնեակ յուշագիրեր կը փաստեն Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերու հաստատումը: Առաջիններէն մէկը Ֆրանսայի մէջ քոյր-քաղաք գտաւ Ստեփանակերտը: Ստեփանակերտի եւ Վալանսի համագործակցութեան յուշագիրը 2015-ին ստորագրուած է: Այցելութիւններու, փոխայցելութիւններու ծրագիրներ կային: 2016-ին Ապրիլեան պատերազմը ծրագիրներու ժամանակացոյցը խմբագրեց, որոշ ծրագիրներ յետաձգեց:

Երեք տարի անց՝ 2018-ի Հոկտեմբեր 9-ին, բազմամարդ պատուիրակութեամբ Արցախ գալը Վալանսի քաղաքապետը կը գնահատէ որպէս 2015-ին սկսած բարեկամութիւնը խորացնելու, գործնական հարթութիւն տեղափոխելու հնարաւորութիւն: Ծրագիրները յետաձգուած են, սակայն, 3 տարի անց ալ անփոփոխ են. փորձի փոխանակումը գերխնդիր է, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպումին վստահեցուցած է Սուրէն Գրիգորեանը: «Սորվելու շատ բան ունինք Վալանսէն՝ քաղաքային տնտեսութեան կառավարման հարցին մէջ: Պատերազմի տարիներուն մեր քաղաքային տնտեսութիւնը գրեթէ ամբողջովին ոչնչացուեցաւ: Տարիներու ընթացքին շատ բան վերականգնած ենք, կառուցած: Բայց դեռ շատ ընելիքներ ունինք»,- ընդգծած է Ստեփանակերտի քաղաքապետը:

            Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը երկրորդ անգամ ըլլալով Արցախ է: Կը վստահեցնէ՝ Ստեփանակերտն ու Վալանսը ոչ թէ քոյր քաղաքներ են, այլ գաղափարակից: «Ստորագրուած յուշագիրով մենք ոչ միայն քոյր քաղաքներ ենք, այլեւ կը կիսենք այն գաղափարները, որոնց հաւատարիմ ենք ու մեր համակրանքը կ’արտայայտենք անկախութեան համար ձեր պայքարի հանդէպ»,- Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպումին վստահեցուցած է Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը: Ան  Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակիցները Վալանս հիւրընկալելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Սուրէն Գրիգորեանը սիրով ընդունեց առաջարկը: Երկուստեք համոզուած են՝ հեռաւորութիւնը քոյր-քաղաքներու համագործակցութիւնը չի խանգարեր:

Այցի երկրորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 10-ին, Ստեփանակերտի դպրոցները շրջելով՝ հիւրերը համոզուեցան, որ Ֆրանսան Արցախէն այնքան ալ հեռու չէ: Առաջին հանդիպումը Ստեփանակերտի թիւ մէկ դպրոցին մէջ էր: Դպրոցականներէն շատերը ֆրանսացիներու հետ ազատօրէն կը շփուին ֆրանսերէն: Իսկ բաց դասին ֆրանսացի հիւրերուն ֆրանսերէն պատմեցի Արցախի, Ֆրանսայի, հայկական ու ֆրասական տօներու մասին՝ յաճախ Վալանսէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները մասնակից դարձնելով քննարկումներուն: «Ես կը մտածեմ, որ շատ բան ունինք սորվելու ձեզմէ: Դուք կառուցած, վերակառուցած էք ձեր երկիրը եւ կը շարունակէք՝ չնայած այն դժուարութիւններուն, որ կան, այն բարդութիւններուն, որ ունիք սահմանին»,- զարմանքը չի թաքցներ Վալանսի փոխքաղաքապետ Ֆրանք Դիրածոնեան-Թոմասը եւ կը վստահեցնէ՝ հակառակ անոր որ ժամանակ առ ժամանակ Արցախի սահմաններէն մտահոգիչ լուրեր կը ստանան, Վալանսի մէջ շատերը կը ցանկային միանալ պատուիրակութեան ու Ստեփանակերտ գալ:

Ստեփանակերտի մէջ Վալանսի պատուիրակները ծաղիկներ խոնարհած են Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին, ապա մասնակցած մեծ շանսոնիէի անունը կրող կեդրոնին մէջ «Փոլ Էլիուարի տուն Ֆրանքոֆոնի կեդրոն» հիմնադրամի կազմակերպած ցուցահանդէսին:   Մշակոյթի կեդրոնի ճեմասրահին մէջ ֆրանսական քաղաքակրթութեան նուիրուած ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս էր, ուր ներկայացուած են  Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտունիի տարբեր դպրոցներու աշակերտներու, Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներու աշխատանքները:  Շատ գործերու մէջ ֆրանսականն ու հայկականը այնքան ներդաշնակ միաւորուած էին, որ նոյնիսկ հիւրերը զարմացած էին:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին