Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Արմէն Սարգսեան Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան Ռիչարտ Միլսի Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսի հետ, որ կ’աւարտէ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ պաշտօնավարման ընթացքին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար եւ յաջողութիւններ մաղթած հետագայ գործունէութեան մէջ:

Դեսպան Միլսը ըսած է, որ մշտապէս կը մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի լաւ բարեկամ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին