Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Ֆրանքոֆոնի Գագաթնաժողովի Ծիրէն Ներս Հայաստանի Վարչապետը Շարք Մը Հանդիպումներ Ունեցած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս երէկ հանդիպումներ ունեցած է Զուիցերիոյ նախագահ Ալան Պերսէի, Էսթոնիայի նախագահ Քերսթի Քալիւլայտի, Գանատայի Քուէպեք նահանգի ընտրուած վարչապետ Ֆրանսուա Լեկոյի եւ Վիեթնամի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ֆան Պին Մինի հետ:

Ինչպէս կը փոխացնէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետը ողջունած է Ֆրանքոֆոնի 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս նշուած պաշտօնեաներու այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը գագաթնաժողովի աշխատանքներուն:

Զուիցերիոյ նախագահը, Էսթոնիայի նախագահը, Քուեպեքի ընտրուած վարչապետը եւ Վիեթնամի փոխվարչապետը շնորհաւորած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ֆրանկոֆոն երկիրներու համար այս կարեւոր գագաթնաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու առիթով եւ ընդգծած, որ տպաւորուած են միջոցառումներու կազմակերպուածութեամբ եւ քննարկումներու ընթացքով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Զուիցերիոյ նախագահ Ալան Պերսէի հետ քննարկած է երկկողմ փոխգործակցութեան ուղղուած տարբեր հարցեր: Մասնաւորապէս, զրուցակիցները կարեւորած են տնտեսական երկկողմ կապերու խորացումն ու ընդլայնումը, այդ կարգին` ներդրումային համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Էսթոնիայի նախագահ Քերսթի Քալիւլայտը քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հեռանկարները: Հայաստանի վարչապետը, մասնաւորապէս, հետաքրքրական համարած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ գործակցութեան զարգացումը եւ փորձի փոխանակումը:

Քերսթի Քալիւլայտը նշած է, որ Էսթոնիան կը կարեւորէ Հայաստանի հետ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով, այդ կարգին` ՏՏ ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը եւ պատրաստ է աշխուժօրէն աշխատելու այդ ուղղութեամբ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քուեպեքի ընտրուած վարչապետ Ֆրանսուա Լեկոյի հետ հանդիպումին քննարկած է տնտեսական փոխգործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: Կառավարութեան ղեկավարը, անդրադառնալով մեր երկրին մէջ գործարարութեամբ զբաղելու պայմաններուն, նշած է, որ Հայաստանի մէջ առեւտրական միջավայրը երթալով կը բարեփոխուի` դառնալով աւելի բարենպաստ ներդրումներու համար, քան առաջ, եւ հայկական կողմը հետաքրքրուած է օտարերկրեայ ներդրումներու ներգրաւմամբ: 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Վիեթնամի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ֆան Պին Մինի հետ քննարկած է հայ-վիեթնամական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր: Կողմերը անհրաժեշտ համարած են տնտեսութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելը եւ համոզում յայտնած, որ առկայ է մեծ ներուժ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին