«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –«Մայքլ» փոթորիկը ԱՄՆ-ի Ֆլորիտայի նահանգին մէջ լուրջ վնաս հասցուցած է ռազմաօդային ուժերու Թինտալ ռազմակայանին: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է զօրամասի յայտարարութեան մէջ:
«Մայքլ»-ը Հոկտեմբեր 11-ի առաւօտեան թուլցած է մինչեւ արեւադարձային փոթորիկը: Տարերային աղէտի հետեւանքով զոհուած է առնուազն վեց մարդ, իսկ փոթորիկէն վնասը կը գնահատուի միլիառաւոր տոլարներ: Ինչպէս կը նշուի տարերքը վնասած է կայանի տարածքին գետնուող բոլոր շինութիւնները: «Ինքնաթիռներու սպասարկման գօտին ամայացուած է: Բոլոր շինութիւնները լրջօրէն վնասուած են: Շէնքերէն շատերը անպիտան դարձած են: Փոթորիկը լիովին աւերած է Թինտալ նաւահանգիստը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ, որ ռազմական կայանի ներկայացուցիչները հրապարակած են Facebookի մէջ:
Ներկայիս կայանը փակուած ու հսանքազրկուած է, հիմնական հաղորդակցութիւնները չեն աշխատիր: AccuWeather խորհրդատուական ընկերութեան կանխատեսումներու համաձայն՝ փոթորիկը տուժած շրջաններու մէջ կրնայ շուրջ 30 միլիառ տոլար գումարի տնտեսական վնաս պատճառել, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն: