ՍՈՆԻԱ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան տօնական մթնոլորտ կը տիրէր մանկապարտէզէն ներս, երբ հնչեց 2018-2019 կրթական տարեշրջանին առաջին զանգը՝ աւետելով ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն մանկապարտէզի վերամուտը: Խանդավառ երեխաները նախ աղօթեցին, ապա մանկապարտիզպանուհի օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք եւ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:
Աշակերտները իրենց դաստիարակներուն գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի իրենց վերանորոգուած ու գեղեցկօրէն զարդարուած դասարանները, ուր հերթաբար ծանօթացան իրենց ուսուցչուհիներուն եւ անոնց դասաւանդած նիւթերուն, իսկ մանկապարտէզի խաղավայրին մէջ ուրախ ժամանակ անցուցին ու ժամերը արագ սահեցան:
Օրուան ընթացքին փոքրիկները հիւրասիրուեցան կարկանդակով եւ պտուղի հիւթով, ապա դասարան առ դասարան նկարուեցան իրենց ուսուցչուհիներուն հետ:
Մինչ տօնական մթնոլորտը կը շարունակուէր, մանկապարտէզ ժամանեց սիրասուն խամաճիկը, որ սրահին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց եւ համեղ շաքարներով ու գոյնզգոյն փուչիկներով ուրախացուց ներկաները:
Առաջին օրը հեզասահ անցաւ ու կէսօրին ժրաջան մանուկները տուն մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ եւ վերամուտը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով ու գոյնզգոյն փուչիկներով:
2 Հոկտեմբեր 2018-ին մանկապարտէզի Ծիլ դասարանը վերաբացաւ իր դռները եւ իր բարեփոխուած ու ճաշակով յարդարուած ջերմ յարկին տակ ընդունեց սիրասուն մանուկները: