«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀԹուրքիոյ իշխանութիւնները հայկական համայնքին վերադարձուցած են Իսթամպուլի Պեշիկթաշ շրջանը գտնուող հողատարածքը։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ իսթամպուլահայ «Հայթերթ» պարբերականը։
Իսթամպուլի Պեյօղլու շրջանի հայկական երեք խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Պօղոս Թանաճըօղլուն լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ պետութիւնը արդէն իրենց յանձնած է հողատարածքի վկայականը։
Հողատարածքը անցեալին առգրաւուած էր պետութեան կողմէ։
Դատական երկարատեւ գործընթացներէ ետք միայն կրկին վերադարձուած է հայկական համայքնին: