«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Միշէլ Աուն Ուրբաթ յստակօրէն ընդգծեց, որ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի կրնայ որեւէ ատեն տեսակցութիւն ունենալ իրեն հետ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի հանգուցալուծման հաւանական ուղիներուն շուրջ: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահական գրասենեակէն:
Յիշեցնենք, որ Աուն կը գտնուէր Հայաստան՝ մասնակցելու Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովին: