Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

Վարդան Ուզունեան. 78ամեայ Երիտասարդը

Երեւանի մէջ մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքի կարկառուն ներկայացուցիչ, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ճանչցուած բարերար Վարդան Ուզունեանի ծննդեան 78ամեակը: Բազմաթիւ պատուաւոր հիւրեր, հարազատներ ու համախոհներ սփիւռքէն ժամանած էին Հայաստան յոբելեարը շնորհաւորելու եւ անգամ մը եւս արժանին մատուցելու նուիրեալ հայորդիին՝ Լիբանանի, Եթովպիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հայաստանի մէջ 56-ամեայ ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալելու համար:

Ծնած է Պէյրութ, Մեծ եղեռնէն մազապուրծ եղած ընտանիքի մէջ: Յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախակրթարանը, ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Լոնտոնի մէջ: Կանուխ հասակէն դաստիարակուած է հայկական ոգիով, հայրենասիրութեամբ ու սիրով դէպի ազգային մշակոյթը եւ գիտակցած է ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Ուսանողական տարիներէն բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է հայ համայնքներու ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ՝ ծառայելով սեփական ժողովուրդին:

Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի /ԼԹԽՄ – Tekeyan Trust/, Երեւանի Թէքէեան կեդրոնի, Լոնտոնի «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադիրներէն է: Մեծ նուիրումով գործունէութիւն ծաւալած է Եթովպիոյ Արարատ ակումբին, Լոնտոնի Հայ տան երիտասարդական միութեան, ՀԲԸՄ-ի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, ԼԹԽՄ-ի, ՌԱԿ-ի, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի եւ ազգային այլ հաստատութիւններու մէջ՝ ամրապնդելով Հայաստան-Սփիւռք կապերը մշակոյթի միջոցով: Իր անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ կեանքի կոչուած են շարք մը կարեւոր ձեռնարկներ, այդ կարգին՝ ուսանողական մշակութային փառատօն Լիբանանի մէջ. հասարակական, մշակութային, մարզական միջոցառումներ Եթովպիոյ մէջ. ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, «Էրեբունի» թերթը, «Արաքս» պարային համոյթը, «Կոմիտաս» երգչախումբը Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն հրաւիրուած մշակութային գործիչներու, պարի եւ երգի համոյթներու, թատերական խումբերու ելոյթները ՄԲ-ի մէջ. եւ ի վերջոյ, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի բարեգործական գործունէութիւնը, որ հիմնականօրէն կեդրոնացած է Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն վրայ:

Ներկայիս Վարդան Ուզունեանը Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի պատուաւոր քարտուղարն է, Երեւանի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահը, ԼԹԽՄ «Կոմիտաս» երգչախումբի նախագահը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի ատենապետը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահը:

2011-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հայրապետական կոնդակով պարգեւատրուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի պատուոյ բարձր շքանշանով:

2017-ին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը՝ ի արժեւորումն ազգանուէր բազմամեայ գործունէութեան եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական մշակոյթի եւ արժէքներու ներկայացման եւ պահպանման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին