«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մեծ Բրիտանիոյ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գործակալութիւնը առաջին անգամ պահանջած է բացայայտել օտարերկրեայ քաղաքացիի հարստութեան աղբիւրը։
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ bbc.com-ը։
Մեծ Բրիտանիոյ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գործակալութիւնը 2018-ի սկիզբը պետութեան համապատասխան մարմիններուն դիմելով պահանջած է բացայայտել Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ճհանկիր Խատիճեւի եւ անոր կնոջ Զամիրա Խատիճեւայի միլիոններու հասնող ունեցուածքի աղբիւրը։
Գործակալութիւնը պահանջը ներկայացուցած է տարեսկիզբին եւ գործի վերաբերեալ դատավարութիւն սկսած, սակայն պատասխանող կողմի տուեալները հրապարակուած են միայն 2018-ի Հոկտեմբերին։
Գործի հանգամանքներուն համաձայն՝ Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ճհանկիր Խատիճեւի կինը՝ Զամիրա Խատիճեւան, շքեղ ապրելակերպ վարած է։
Փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած տուեալներով՝ ան 10 տարուան ընթացքին միայն Harrods հանրախանութին մէջ ծախսած է մօտ 16 մլն ֆունտ սթեռլինկ, ինչպէս նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ձեռք բերած է աւելի քան 20 մլն ֆունտ սթեռլինկ արժողութեամբ անշարժ գոյքեր։
Խատիճեւներու ունեցուածքին շուրջ հետաքրքրութիւն յառաջացած է, երբ Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները որոշած են ուսումնասիրել երկրի տարածքին բնակող այն անձանց ունեցուածքները, որոնք կը կասկածուին քրէական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ:
Լոնտոնի գլխաւոր դատարանը Զամիրա Խատիճեւայէն պահանջած է բացատրել, թէ ի՛նչ միջոցներով ձեռք բերած է 11.5 ֆունտ սթեռլինկ արժողութեամբ տունը եւ 11.5 մլն ֆունտ սթեռլինկ արժողութեամբ Նայթսպրիճի մէջ գտնուող հողատարածքը:
Դատարանէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ եթէ Զամիրա Խատիճեւան չկարենայ պարզաբանել իր հսկայական դրամուժի եւ անշարժ գոյքերու ծագման սկզբնաղբիւրը, դատարանը կրնայ առգրաւել անոր ունեցուածքը։
Խատիճեւ ամուսինները, արձագանգելով դատարանի նման որոշումին, նշած են, որ իրենց ունեցուածքը օրինական է, եւ դատարանի որոշումը անարդար համարած են։
Ճհանկիր Խատիճեւը 2001-2002 թուականներուն ղեկավարած է Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատունը:
2016-ին Ճհանկիր Խատիճեւը մեղադրուած է խարդախութեան յատկանիշներով եւ դատապարտուած 15 տարուան ազատազրկումի։ Այնուհետեւ դատարանը Խատիճեւին տուգանած է 40 մլն տոլարի չափով։ Խատիճեւի կատարած խարդախութիւններուն հետեւանքով Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան հաշիւներէն անհետացած են տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ: