«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ երէկ ներկայ գտնուած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցած է գագաթնաժողովի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն, այդ կարգին՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի, Մոնաքոյի արքայազն Ալպեր երկրորդի եւ այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Նշենք, որ Երեւանի մէջ մեկնարկած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկին Աննա Յակոբեան, ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը եւ իր ամուսինը մինչեւ գագաթնաժողովի պաշտօնական բացումը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ դիմաւորած են Հայաստան ժամանած Ֆրանքոֆոնի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ լուսանկարահանման արարողութիւն:
Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ մարուած է մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ՝ նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Շառլ Ազնաւուր» թեմային:
Ֆրանքոֆոնի 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած է 84 երկրի պատուիրակութիւն: Գագաթնաժողովին կը մասնակցի 38 երկրի ղեկավար:
Հոկտեմբեր 11-12-ը Ֆրանքոֆոնի 17-րդ գագաթնաժողովի օրակարգին վրայ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան հարցն է: Գագաթնաժողովի թեման է «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք Ֆրանքոֆոն տարածաշրջանին մէջ»: Որպէս Ֆրանքոֆոնի 17-րդ գագաթնաժողովի տարբերանշան ընտրուած է նուռը՝ ի նշան Ֆրանկոֆոնի ողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման: