Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Աշխարհի Մէջ Աւելի Քան 120 Մլն Մարդ Կը Տառապի Սովէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աշխարհի մէջ աւելի քան 120 մլն մարդ կը տառապի սովի եւ թերասնունդի խնդիրէն: Ափրիկէի երկրիները այս վարկանիշի մրցանշակիրներն են: Այդ մասին կը վկայեն «Սովի ընդհանուր տեղեկատու» ամէնամեայ զեկոյցի տուեալները, զորս հրապարակած է Պարենային քաղաքականութեան միջազգային հետազօտական հիմնարկը Welthungerhilfe եւ Concern Worldwide ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:

Կը նշուի, որ 2018 թուականի ցուցանիշը առաւելագոյնին հասած է այս զեկոյցի հրապարակման ամբողջ ժամանակաշրջանին: Զեկոյցի տեղեկութեան համաձայն՝ այսօրուայ դրութեամբ սովէ կը տառապի շուրջ 124 մլն մարդ՝ երկու տարի առաջուան 80 միլիոնի համեմատութեամբ: Անոր հետ մէկտեղ կը տեղեկացուի, որ հարկադիր վերաբնակներու թիւը, որոնք սովի մատնուած են կամ անբաւարար կը սնուին, այս տարի հասած է մօտաւորապէս 70 միլիոնի:

Ափրիկէի եօթը երկիրներուն մէջ, ներառեալ Չատը, Հայիթին, Մատակասքարը, Սիեռա-Լէոնէն, Եմէնը եւ Զամպիան, այս խնդիրը աւելի լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ: Սովահար բնակչութեան հետ կապուած ամենավտանգաւոր իրադրութիւնը գրանցուած է Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ: Ցուցանիշի զգալի վատթարացում արձանագրուած է Հիւսիսային Քորէայի մէջ, որ սովեալ բնակչութեան թուաքանակով 27-րդ տեղէն տեղափոխուած է 11-րդ տեղը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին