Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Պիւտճէն Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Օրուայ Իրողութիւններուն Վրայ Յենուած Կանխատեսումներու Վրայ. ՀՀ Վարչապետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ 2019-ի պետական պիւտճէի այս պահուն առկայ նախագիծը կը համարէ իներցիոն, որովհետեւ նախագիծը ձեւաւորած են նախկինէն եկած իներցիայի տրամաբանութեան ծիրէն ներս: Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ ՀՀ վարչապետը ընդգծեց, թէ ընդունուած է, որ պիւտճէն հիմնուած ըլլայ ոչ թէ կանխատեսումներու, այլ աւելի շատ օրուայ իրողութիւններուն վրայ յենուած կանխատեսումներու վրայ:

«Եւ, ըստ էութեան, պիւտճէի այս պահին առկայ նախագիծը եւ նոյնիսկ վաղը ընդունուած նախագիծը որեւէ խոչընդոտ չէ, որ մենք ընթացս աշխատենք պիտճէի պարամեթրերի բարելաւման վրայ, այդ թուում՝ մեզ յուզող բազմաթիւ խնդիրների լուծման տրամաբանութեան առումով, պիւճէտային հիմնարկների աշխատողների աշխատավարձերի բարձրացման առումով եւ այլն»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ նշեց ան:

Վարչապետը աւելցուց, որ պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ պաշտօնական քննարկումները յառաջիկային կը սկսին: «Մենք պիւտճէի վերաբերեալ բազմաթիւ քննարկումներ եւ պարզաբանումներ կ’ունենանք»,- ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է քայլ առ քայլ բարեփոխումներ իրականացնելու միջոցով յառաջ ընթանալ, որ պիտի ունենայ երկու հիմնական նպատակ: «Առաջինը Հայաստանն արդիւնաբերական երկիր դարձնելն է, երկրորդը՝ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է, որովհետեւ առանց պետական կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու Հայաստանի վերստին արդիւնաբերականացնելու խնդիրը շատ դժուար կը լինի լուծել, եւ մենք այստեղ քայլ առ քայլ ու վստահօրէն առաջ պէտք է գնանք»,- եզրափակեց վարչապետ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին