Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի տարեկան եօթներորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, երեկոյեան ժամը 7։00-ին «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան տարեկան եօթներորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։

Վարժարանի շրջանաւարտներուն, նախկին ուսուցիչներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն ներկայութիւնն ու քաջալերանքը մեծապէս փափաքելի է։

Միութիւնս իր գործունէութեան եօթը տարիներուն ընթացքին, յատկանշական օժանդակութիւն առաքած է վարժարանիս։

Այս ձեռնարկին ընթացքին Շրջանաւարտից Միութիւնը ծրագրած է պատուել վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհիներ Տիկ. Լուսին Մանճելիքեանը եւ Տիկ. Արտեմ Խաչատուրեանը։ Տիկ. Լուսին Մանճելիքեանը ութը տարիներ 1961-1969, պաշտօնավարած է որպէս մանկապարտէզի ուսուցչուհի եւ քսան տարիներ որպէս կիրակնօրեայի ուսուցչուհի, տածելով սէր ու գուրգուրանք իր աշակերտներուն հանդէպ։ Մեր երկրորդ մեծարեալ ուսուցչուհին՝ Տիկ. Արտեմ Խաչատուրեանը, ունի 22 տարիներու ուսուցչական վաստակ, որուն առաջին եօթը տարիներուն՝ 1971-էն 1978 ընթացքին, պաշտօնավարած է նախ որպէս ուսուցչուհի եւ ապա որպէս գործարարական գիտելիքներու բաժանմունքի վարիչ։ Գաղթելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ շարունակած է ուսուցչական ասպարէզը ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն ներս, ցուցաբերելով ծով համբերութիւն եւ կատարեալ նուիրուածութիւն։ Ինչպէս նաեւ պիտի պատուըուին Շրջանաւարտից Միութեան նախկին վարչական անդամներէն Տիկ. Լիզա Մանոյեան՝ աշխատած 2012-2017, Տիկ. Ցոլին Պետիկեան՝ աշխատած 2014-2017 եւ Տիկ. Վիքի Շահրաշեանը՝ աշխատած 2015-2017, իրենց կատարած սիրայօժար եւ նուիրեալ աշխատանքին համար մեր միութեան գոյութեան տարիներուն ընթացքին։

Ինչպէս միշտ, սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի վարժարանի կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներուն ուսման կրթաթոշակի ապահովման։

Կանխաւ կը գնահատենք եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մասնակցողներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ օժանդակութեան համար։

Երեկոն պիտի խանդավառէ սիրուած երգիչ Մարտիկ Յովհաննէսեանը։

Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն՝ (626)394-7048, (949)903-6111։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին