Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 23-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հանրապետութեան վարչապետը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հանդիպում կ’ունենայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ: Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած են Հանրապետութեան վարչապետի երկկողմ հանդիպումներ տարբեր երկիրներու գործընկերներու հետ: Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կ’ունենայ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ կ’այցելէ Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ բացուող «Արմէնիա» խորագրով ցուցահանդէսը: