Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱ3ԵԱՆ
Անկախութիւն յայտարարելը չ’երաշխաւորեր իսկական անկախ պետութեան մը գոյատեւումը, այլ հարկաւոր է պայքարիլ ու տէր կենալ անկախ պետութեան։ Սեպտեմբեր 21-ը Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան ստեղծման տարեդարձն է, իսկ 2018 Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն Հայաստանի մէջ կատարուած յեղափոխութիւնը, որուն գլխաւոր կերտիչն էր նոյնինքն մեր հայրենիքի ժողովուրդը՝ իսկական տէրը երկրին, նոր յոյսերով ու ակնկալութիւններով, իսկական ժողովրդավարութեամբ կը փափաքէր ու կը փափաքի կերտել արդար պետութիւն մը։ Այսօրուան հրամայական պահանջն է ՏԷՐ ԿԵՆԱԼ ժողովուրդի արդար ցանկութեան։ Անկախութեան տարեդարձը պէտք է զգաստացնէ ու անգամ մը եւս առիթ տայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէկդի դնելու անձնական, նեղ-կուսակցական շահերը եւ նուիրուիլ ժողովուրդի արդար պահանջներուն իրականացման։
Այսօր մեր նոր իշխանութիւնները եւ անոնց ղեկավարները կը փորձեն ճիշդ ուղիի վրայ դնել անցնող տարիներու ապաշնորհ գործելաձեւը իրարայաջորդ իշխանութիւններու, հետեւաբար մենք կա՛մ պէտք է սատար կենանք նոր իշխանութեան զօրացման եւ կամ վերադառնալ նախկինին: Ուստի, Սեպտեմբեր 21-ը առիթ մը եւս պէտք է տայ մեզի վերականգնելու մեր արժանապատուութիւնը եւ ապագային նայելու վառ յոյսերով։






