Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի Մէջ Կայացան Ուսուցիչներու Եւ Հսկիչներու Վարժողական Սեմինարներ

Սեպտեմբեր 21-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացան ուսուցիչներու եւ անձնակազմի վարժողական երկու առանձին սեմինարներ՝ առ ի պատրաստութիւն նոր տարեշրջանին եւ իբրեւ բաղկացուցիչ մաս դպրոցին մէջ ընթացք առած բարեփոխումներուն:

Առաջին սեմինարին կրթական խորհրդատուութեան «Ուազնաթ» կազմակերպութեան տնօրէն պարոն Սամիր Քոնսթանթին Մեսրոպեանի ուսուցիչներուն հետ քննարկեց դասարանային կառավարման խնդիրները եւ ներկայացուց այդ խնդիրներու լուծման հայեցակարգ` հիմնուած մանկավարժական մօտեցումներու եւ աշակերտներու տարիքային հոգեբանութեան առանձնայատկութիւններուն վրայ: Դասախօսի առաջնորդութեամբ ուսուցիչները խմբաւորեցին դասարանի կառավարման մէջ նկատուած խնդիրները եւ հաստատեցին որոշակի ուղեցոյց` իւրաքանչիւրի լուծման համար:

Երկրորդ սեմինարը վարեց նոյն կազմակերպութեան աշխատակից տիկին Միշէլ Աքրա, որ Մեսրոպեանի հսկիչ անձնակազմին ներկայացուց հսկողական գործառոյթին կանոններն ու յատկանիշները, ինչպէս նաեւ զբօսանքներու կառավարման պահանջները:

Նշենք, որ Մեսրոպեան վարժարանը անցած տարուան վերջաւորութեան գործակցութեան համաձայնագիր կնքած էր «Ուազնաթ» կրթական խորհրդատուութեան հիմնարկին հետ` նպատակադրելով բարձրացնել աշակերտներուն կրթական մակարդակը, ամրապնդել ուսուցիչներուն գիտելիքները, ինչպէս նաեւ օգտակար դառնալ ծնողք-զաւակ հաղորդակցութեան խնդիրներու լուծման:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

 

dav
dav
dav

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին