ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սա առաջին անգամն է որ մեր հայրենիքը պիտի տօնախմբէ իր անկախութիւնը։ Իսկ այս անգամ որքանո՜վ տարբեր է անկախութեան տարեդարձը։ Թոյլ տուէք բացատրեմ։
Մայիս ամսուան ընթացքին, տիկնոջս հետ ութնօրեայ այցելութեամբ մը կը գտնուէինք Հայաստան։ Ժողովուրդին ուրախութիւնը ակներեւ էր, բարձր տրամադրութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ յոյսերով առլցուն։ Նոյն ձեւով չէին տրամադրուած անոնք, երբ 2007-ին դարձեալ կը գտնուէինք Հայաստան, տիկնոջս հետ միատեղ։
Ի՞նչ կը նշանակէ անկախութիւն, երբ ժողովուրդը ուրախ չէ եւ գործ որոնելու նպատակաւ կը լքէ հայրենիքը՝ երբեք չվերադառնալու հարկադրուած…
Անկախութիւնը պէտք էր ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կառավարութիւն մը կազմել, ուր ժողովուրդի մէն մի անդամը պէտք էր պատեհութիւնը ունենար ազատ շուկայի դրութեամբ ստեղծագործելու եւ բարգաւաճ կեանք մը ապահովելու իր ընտանիքին։
Հիմա կ’իմանանք, որ արտագաղթողներէն ոմանք կը վերադառնան հայրենիք եւ կը ձեռնարկեն գործատեղիներ հիմնելով աշխատանք հայթայթել իրենց եւ ուրիշներուն։ Սա առաջին դրական քայլն է որ մեզ կը յուսադրէ՝ աւելի փայլուն ապագայ մը տեսնելով հայրենիքի հորիզոնին վրայ։
Նոյնիսկ վերոյիշեալ տեսլականով տոգորուած՝ սփիւռքի տարածքին սփռուած հայեր կ’երթան Հայաստան՝ հոն գործ բանալով ապրելու հայրենի հողին վրայ։ Նաեւ բաւական շատ է թիւը անոնց, որոնք մայրաքաղաք Երեւանէն յարկաբաժին գնելով կ’որոշեն տարուան մէկ մասը հայրենիքի մէջ անցընել՝ վայելելու անոր բնական գեղեցկութիւնն ու ժողովուրդի ջերմութիւնը։
Իսկական անկախութեան բարիքներէն մին ալ զբօսաշրջիկներու թիւին աճն է, որ, իր հերթին, պիտի զարկ տայ տեղական տնտեսութեան աճին եւ զարգացման։
Հայաստանը այսօր միջազգային գետնի վրայ համբաւ մը ստեղծած է, որ կը գրաւէ զբօսաշրջիկներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն։ Պատահական չէ որ վերջերս տակաւին Պելճիքայի թագաւորն ու թագուհին իրենց չորս զաւակներով տարեկան արձակուրդի համար ընտրեցին Հայաստանը եւ վայելեցին մեր հայրենիքի բնական գեղեցկութիւնն ու հայ ժաղովուրդի ինքնուրոյն հիւրասիրութիւնը։
Երկրի մը անկախութեան պատմութեան մէջ 27 տարին մեծ թիւ մը չէ, սակայն եթէ լաւ հիմերու վրայ դրուած է, խթան կը հանդիսանայ լաւատեսութեամբ յուսադրուելու ապագային նկատմամբ։
Անկախութիւնով՝ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հայրենիք կերտելը դիւրին գործ մը չէ։ Բայց մենք այսօր թաւշեայ յեղափոխութիւնով սկիզբ առած նոր կառավարութեան գործելակերպի եւ անոր հետապնդած ծրագիրներուն ընդմէջէն կը տեսնենք յոյսի նշոյլ մը, որ մեզ կը յուսադրէ եւ փայլուն ապագայի մը հեռանկարով կը պարուրէ մեր հոգիներն ու սրտերը։
Քաջալերական երեւոյթ մըն ալ եթէ կայ, սա է որ կառավարութեան կազմը կը բաղկանայ երիտասարդ անդամներէ, որոնք թէեւ փորձառութիւն չունին, սակայն տրամադրուած են երկար ժամեր աշխատելով անպայման յաջողութիւն ձեռք ձգելու։ Անոնք որոշած են նաեւ պայքարիլ կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ, որպէսզի կառավարութիւնը գործէ ի նպաստ երկրի քաղաքացիի շահերուն։
Ի սրտէ կը մաղթենք, որ անոնք յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, եւ մեր երկիրը դառնայ բարեբեր, ու ժողովուրդը ապրի աւելի հանգստաւէտ պայմաններու մէջ՝ յօգուտ հայ ազգի ընդհանրական շահերուն։
Բարի երթ եւ յաջողութիւն ձեզի, սիրելի երիտասարդ եւ արհեստավարժ անդամներ հայրենի նոր կառավարութեան կազմին։