Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Խօսում Է… Երեւանեան Օրագիրս

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պաշտօնակից «Նոր Օր»ի

Գլխաւոր Խմբագիր

 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բախտաւորութիւնը ունեցայ, որ ուսանողական տարիներս՝ 1987-1994, զուգադիպին Խորհրդային Միութեան փլուզումին, ղարաբաղեան ցոյցերուն եւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութիւններու երթին։ Ստորեւ, տողեր «Հայաստանեան օրագիրէս»՝ որպէս այդ օրերուն տաքը-տաքին գրուած վկայութիւններ, Երեւանի Նոր Նորքի 2-րդ զանգուածի ուսանողական հանրակացարանէն։

 30 Օգոստոս 1991.- Երկու շաբաթ առաջ՝ 16 Օգոստոսին, ճամբայ ելայ Պէյրութէն դէպի Մոսկուա, Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի 3-րդ ուսումնական տարիս սկսելու համար Սեպտեմբեր 2-ին։ …Նոյն գիշեր Մոսկուա հասայ… Նոյն օրը ԽՍՀՄ յեղաշրջումն էր, 3 օր վախի ու անորոշութեան օրեր անցընելէ ետք, պրն. Կորպաչովը նորէն ստանձնեց երկրին ղեկը։ Այսպէս պատմական օրերու, տարիներու ականատես կ՚ըլլանք ըլլայ Հայաստան, ըլլայ ԽՍՀՄ, ըլլայ Արեւելեան Եւրոպա, ըլլայ Միջին Արեւելք։

…Անցնող 10-12 օրը անցաւ երկրին նոր կացութեան ծանօթանալով, սնունդի, առօրեայ հոգսերը դասաւորելով, եւ մեր դիմաց պարզ կ՚երեւին ձմրան դժուարութիւնները։ Ծանր ձմեռ մը պիտի անցընենք, ամէն ինչ դարձած է խնդիր։

2 Սեպտեմբեր 1991.- Երկրին՝ ԽՍՀՄ քաղաքական վիճակը շատ բարդ է, անկայուն եւ այս օրերուս անկախացող երկիրներէն զատ ամէն օր նորութիւն կայ, ԽՄԿԿ (կոմունիստական, համայնավար կուսակցութիւնը – Խմբ.) կը քայքայուի, երկիրը լրիւ կը փոխուի։ Պատմական օրեր կ՚ապրինք. տեսնենք՝ մենք ի՛նչպէս պիտի դուրս գանք այս բոլորէն։ Արցախը անկախացաւ այսօր։

5 Սեպտեմբեր 1991.- Երկրին վիճակը բաւական ծանր է, տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս։ Անկախութեան եւ թշուառութեան օրեր պիտի ապրինք։

13 Սեպտեմբեր 1991.- …Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի սովորական դասի էի. նոյն օրը առաջին ժողովնիս էր, որ կարճ եղաւ, որովհետեւ միակ կարեւոր հարցը այն էր, թէ ՀՌԱԿ-ը նախագահական թեկնածու առաջադրած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, եւ 15.000 ստորագրութիւն հաւաքելու ելանք Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք։ Առայժմ շուրջ 7.000 հաւաքած ենք, սակայն լաւ կը յոգնինք այս մի քանի օրը։ Հանրաքուէին մէկ շաբաթ մնաց եւ յոյսով եմ, որ ժողովուրդին աւելի քան 95%-ը «ԱՅՈ» կ՚ըսէ անկախութեան։

16 Սեպտեմբեր 1991.- …Մինչեւ Շաբաթ կ.ե. մասնակցեցայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի համար ստորագրութիւններ հաւաքելուն ՌԱԿ-ի կողմէ. յոյսով եմ, որ տղաքը վերջացուցին գործը։

19 Սեպտեմբեր 1991.- Լեւոն Տէր Պետրոսեանի համար հարկաւոր 15.000 ստորագրութիւնները հաւաքեցինք աւելիով։ Իսկ վաղը ժողով ունինք… Երէկ Մովսէս Գորգիզեան Ուս. միութիւնը համալսարանին մէջ կազմակերպեր էր յուշ-հանդիսութիւն՝ նուիրուած Մ. Գորգիզեանին։ Խօսք առին ՀՀԿ-ի նախագահ Աշոտ Նաւասարդեանը եւ ԱԻՄ-ի նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը. երկուքն ալ նախագահական թեկնածուներ են։ …Երկու օրէն տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէն՝ անկախութեան համար. ժողովուրդը իր «այո»-ով պիտի կերտէ իր նոր ու դժուարին անկախ ապագան։

22 Սեպտեմբեր 1991.- Երէկ Սեպտեմբեր 21-ն էր, հայ ժողովուրդը պիտի ըսէր իր «այո»-ն անկախութեան, ԽՍՀՄ կազմէն դուրս գալու համար։ Այսօր երեկոյեան յստակ կ՚ըլլայ վերջնական արդիւնքը, թէեւ պարզ է, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը «այո» պիտի քուէարկէր։

Այսօր առտու ուսանող-ընկերներով Մուսա Լեռ գացինք, ուր ժողովուրդը համախմբուած կը նշէր հերոսամարտի տարեդարձը։ 127 կաթսայ հերիսան կ՚եփուէր գիշերուընէ եւ բաժնուեցաւ կէսօրին։ Իսկ անկէ առաջ ելոյթ ունեցան մտաւորականներ՝ շատեր, օրինակ ընկ. Յ. Աւետիքեան, Լ. Ճգնաւորեանը, Վ. Պետրոսեանը, Սիփան Շիրազը եւ այլք։

Երէկ ամբողջ օրը հրապարակը տօնախմբութիւն էր, քէֆ։

25 Սեպտեմբեր 1991.- Պատմական օրեր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը։ Սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէին հայ ժողովուրդը իր «այո»-ն ըսաւ անկախութեան համար, ԽՍՀՄ-էն դուրս գալու համար։ 2 միլիոն 56 հազար 792 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան եւ «այո» պատասխանեց 2 միլիոն 42 հազար 617 մարդ։ Քուէարկողներու ընդհ. թիւին 99,31 տոկոսն է այդ։ Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՜ Հայաստանը։

Պատմական այս օրերուն տեղի կ՚ունենան նաեւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ղազախիստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն հանդիպումները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Երէկ ստորագրեցին 12 պայմաններ։ Ապագան ցոյց կու տայ արդիւնքը։

29 Սեպտեմբեր 1991.- Այսօր՝ Կիրակի, Ս. Էջմիածին գացի, Միւռոնօրհնէք էր, 7 տարի առաջ եղած էր վերջինը ըստ աւանդութեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, պետական դէմքեր, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, հոծ բազմութիւն։ Վազգէն Ա. կատարեց արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներու (հրաւիրեալ) շարք մը։ Լաւ անցաւ, տաք էր, դուրսը եղաւ ամէն ինչ։

Շուտով Հոկտեմբեր է եւ կուսակցութեան 70-ամեակն է։ Հոկտ. 1-ին մեթրոն ձրի է ժողովուրդին համար, ՌԱԿ-ի կողմէ նուէր։

3 Հոկտեմբեր 1991.- Ամսուն 30-ի գիշերը կուսակցական հրահանգով սկսանք 70-ամեակի գովազդները ցրել Երեւանի փողոցները։ Յաջորդ օրը՝ Հոկտ. 1, տարեդարձին օրը, քաղաքը ողողուած էր ՌԱԿ-ի երկնագոյն պաստառներով։ …Կեանքը նորմալ կը շարունակուի եւ քաղաքական վիճակը կը սրի, որքան մօտենայ նախագահական ընտրութիւնը։ Արդէն միայն 6 թեկնածու մնացած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ։

7 Հոկտեմբեր 1991.- Օրերը կ՚անցնին դասերով, իսկ քաղաքին կեանքը կ՚եռայ նախագահական ընտրութիւններուն հետ։ Այսօր ելոյթ ունեցաւ T.V.-էն  Պ. Հայրիկեանը եւ այսպէս ամէն օր մէկը պիտի ներկայանայ ժողովուրդին։

16 Հոկտեմբեր 1991.- Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու օրն է։ Ժողովուրդը իր ազատ կամքով պիտի որոշէ իր նախագահը, իւրաքանչիւրը ընտրելով 6-էն 1-ը մրցակից թեկնածուներէն։ Զօրի Բալայեան, Պարոյր Հայրիկեան, Ռաֆայէլ Ղազարեան, Աշոտ Նաւասարդեան, Սօս Սարգսեան եւ մեր թեկնածուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ Նախնական սոցիոլոգիական տուեալներու համաձայն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը նուազագոյնը 48% կը հաւաքէ, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն մինչեւ 72%։ Ամէն ինչ պարզ կ՚ըլլայ, երբ յայտարարուին արդիւնքները։

Հայ ըլլալով, Հայաստան ապրելով աւելի քան 4 տարի, մենք (ես) իրաւունք չունինք մասնակցելու ընտրութիւններուն։ Լիբանանի քաղաքացի ենք վերջապէս, բայց օրը պիտի գայ երեւի, երբ մեր հայրենիքին մէջ պանդուխտ պիտի չըլլանք այլեւս։

Քաղաքը կազի ու պենզինի փրոպլեմ ունի եւ այս վերջին օրերը շատ դժուար են երթեւեկի հարցով։

Պէյրութէն ժամանեցին ընկերներ՝ տոքթ. Եոզկաթեանը, Պ. Աղպաշեանը, Մակարեանը եւ Ա. Վայէճեանը։  …Հոկտ. 24-ին Օփերային մէջ պիտի նշուի ՌԱԿ-ի 70-ամեակը, իսկ մենք ալ Դիլիջան պիտի երթանք Նոյեմբերի սկիզբը։

20 Հոկտեմբեր 1991.- …Նախագահական ընտրութիւնները շահեցաւ ՌԱԿ-ի թեկնածուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, 83% ապահովելով։ Յետոյ կու գան Հայրիկեանը՝ 7,2%, Սօս Սարգսեանը՝ 4,3%, Զօրի Բալայեանը, Ռաֆ. Ղազարեանը եւ Ա. Նաւասարդեանը։

27 Հոկտեմբեր 1991.- … Ուրբաթ օր ներկայ եղայ Լ. Ճգնաւորեանի Սիմֆոնիկի համերգին՝ նուիրուած ՀԲԸՄ-ին։ Լաւ էր։

8 Դեկտեմբեր 1991.- …Նոյեմբեր 30-ին եւ Դեկտեմբեր 1-ին տեղի ունեցաւ ՀՌԱԿ-ի առաջին պատգամաւորական ժողովը, ուր ընդունեցին ծրագիրը, կանոնագիրը, ինչպէս նաեւ ընտրեցին 15 հոգինոց վարչութիւն։

19 Դեկտեմբեր 1991.- …Քաղաքական վիճակը նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ կամաց-կամաց կը կարգաւորուի. այսպէս, պիտի կազմուի Անկախ պետութիւններու ընկերակցութիւն, որուն հաւանական է միանայ նաեւ Հայաստանը։

23 Դեկտեմբեր 1991.- Նոր, լոյսը անջատեցին. վերջերս յաճախակի դարձած է, օրական 3-6 ժամ կը կտրեն։ Տաք ջուրին ինչ ըլլալը արդէն մոռցանք, իսկ ջեռուցում կայ, երբ որ լոյս կայ։

Երեւան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին