Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Պըրրի Օրէնսդրական Նիստի Կը Հրաւիրէ Խորհրդարանը Յառաջիկայ Շաբաթ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չորեքշաբթի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի օրէնսդրական երկօրեայ նիստի հրաւիրեց խորհրդարանը յառաջիկայ շաբաթ: Այս մասին յայտարարութեամբ մը հաղորդեց խորհրդարանը Պըրրիի գլխաւորութեամբ կայացած քարտուղարութեան հանդիպումէն ետք:
Յայտարարութիւնը նշեց, որ Պըրրի օրէնսդիրներէն խնդրած է ներկայ ըլլալ Սեպտեմբեր 24-25-ին՝ կ.ա. ժամը 11-ին, առաւօտեան եւ երեկոյեան նիստերու գումարման համար:
Պըրրի հետամուտ է գումարելու սոյն օրէնսդրական նիստը՝ վաւերացնելու համար շարք մը օրինագիծեր, որոնց հաւանութիւն տրուած է արդէն խորհրդարանական համատեղ յանձնաժողովներուն կողմէ:
  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին