Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ տեղի ունեցած է միաբանութեան 300-ամեակի տօնախմբութիւններուն նուիրուած սուրբ պատարագ, որուն իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է հռոմի ֆրանչիսկոս պապը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` վկայակոչելով «Վատիկան նիւզ» պարբերականը, Հռոմի պապը իր ուղերձին մէջ նշած է, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը իր պատմութեան 300 տարուան ընթացքին դիմագրաւած է հին եւ նոր դժուարութիւններ: Ան վստահեցուցած է, որ Սուրբ Աթոռը միշտ յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած է Մխիթար աբբահայրն ու անոր զաւակները, եւ այսօր եւս պատրաստ է օգնելու եւ աջակցելու:
«Մխիթարեան միաբանութիւնը կը պահանջէ ըլլալ կրօնաւոր` մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են Աստուծոյ: Այդ կոչումը կարելի չէ իրականացնել առանց ընկալելու եղբայրներու հետ հաղորդութեան եւ աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերը, որոնք այսօրուան դժուարութիւններուն երաշխիքն են»,-նշած է Հռոմի պապը` աւելցնելով. «Երանելի Մխիթարը, որուն… Պիոս 12-րդ Պապը դասեց Արեւելեան եկեղեցիներու կրօնական կեանքի մեծ բարեկարգողներու շարքը, եղաւ հայ ազգի հաւատքի ըմբռնման կառուցողը` իր ետին ձգելով հոգեւոր ու մշակութային անվերջանալի ժառանգութիւն, որ տրուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան պահպանելու, խորացնելու ու տարածելու` ի նպաստ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան»,-իր ուղերձին մէջ ըսած է Սրբազան Պապը:
Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մաղթած է, որ միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր ջահը շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի փշոտ եւ ծաղկուն ճանապարհը, Քրիստոսի հաւատքով եւ այն յոյսով, որ անոր խօսքը մշտական կեանք կը պարգեւէ։