2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի սեմին, Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2018-ին երկու փուլով՝ առաւօտեան ժամը 10-12 եւ երեկոյեան ժամը 6-8, տեղի ունեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան նորաբաց վարժարանի «Բաց Դռներ»-ու միջոցառումը, որ առիթ մըն էր ծնողներուն եւ աշակերտներուն համար ծանօթանալու նորակառոյց դպրոցին եւ աւելի մօտէն գաղափար կազմելու դպրոցին մէջ կիրառուելիք նորագոյն եւ լաւագոյն կրթական մեթոտներուն մասին, որոնք որպէս հիմք ընդունած են ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքները: Այս զոյգ հանդիպումներուն ծնողներ եւ աշակերտներ ծանօթացան նաեւ վարժարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, աշակերտները մասնակցեցան խաղ-դասերու եւ ունեցան հաճելի ժամանց:
Մխիթարեան վարժարանը կը շարունակէ Մխիթարեան միաբանութեան կրթական եւ մշակութային 300-ամեայ ժառանգութիւնը եւ 2018-2019 տարեշրջանին Ռաուտայի մէջ դռները կը բանայ 11.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ իր նոր դպրոցին: Դպրոցը կը միտի ստեղծել կրթական եւ արհեստագիտութեան հարթակ` ունենալու համար 21-րդ դարու աշակերտներ, որոնք կ’աշխատին համագործակցութեան եւ քննական մտածողութեան հիմքերով, միեւնոյն ժամանակ կերտելով ազգային արժէքներով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ կազմաւորուած հայը:
Վարժարանին որդեգրած կրթական մեթոտները հաստատուած են հետազօտութեան վրայ հիմնուած ուսուցման հիմքով, որոնք կ’ապահովեն ակադեմական գերազանցութիւն, ստեղծագործական միտք, գործնական նորարարութիւն եւ հմտութիւններ: Այս մեթոտները աշակերտը կ’օժտեն կենցաղային հիմնական եւ արհեստագիտական հմտութիւններով, որոնք կը պատրաստեն լաւապէս մշակուած աշակերտներ եւ քաղաքացիներ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ